50 Տարի Առաջ (30 Մայիս 1963)

Սիսեցի Երիտասարդաց
Տարեդարձի
Տօնակատարութիւնը

Սիսեցի Երիտասարդներու միութեան Ա. տարեդարձի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 26 մայիս 1963 երեկոյեան` ներկայութեամբ միութեան պատուոյ նախագահ Միսաք Ազիրեանի, հանդիսութեան նախագահ Անդրանիկ Աթայեանի եւ խուռներամ հայրենակիցներու:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց վարչութեան անդամներէն Յակոբ Օվայեան, որ` անդրադառնալով միութեան մէկ տարուան կեանքին` գեղեցիկ պատկերով մը զայն նմանցուց մէկ տարեկան մանուկի մը, որ կը փորձէ ոտքի ելլել ու իր այդ ճիգին մէջ կը կարօտի իր սիրելիներու ամբողջական գուրգուրանքին:

Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգով` Մատլէն Քէչէպաշեան, Մարօ Տէմիրճեան, Էլօ Կիցցինեան, Կարպիս Զաքարեան եւ Սահակ Թորիկեան, իւրաքանչիւրը ինքնայատուկ գեղեցկութիւն մը բերելով: Արտասանութեամբ` Սոնա Մխիթարեան եւ Կարօ Թորոսեան:

Գեղարուեստական բաժնին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին նաեւ Համավասպուրականի հայրենակցական միութեան նուագախումբն ու պարախումբը` խանդավառութեան նոր ալիք մը ստեղծելով ներկաներուն մէջ:

Օրուան բանախօս հայրենակից Տիգրան Ոսկունի գնահատելէ ետք միութեան առաջին տարուան ընթացքին ցոյց տուած կենսունակութիւնը, անդրադարձաւ անոր կատարելիք կարեւոր եւ նուիրական դերին` ուրիշ միութիւններու կարգին, ազգապահպանման հրամայական գործին մէջ: Իր խօսքի վերջաւորութեան յայտարարեց. «Վարչութիւնը կ՛աշխատի իրագործել շատ գնահատելի ծրագիր մը: Շատ մօտ ատենէն միութիւնը պիտի ունենայ իր սեփական տունը: Մեր միութեան յառաջդիմութեան համար անհրաժեշտ նման սրահի մը կառուցման համար մեզմէ իւրաքանչիւրը, ամէ՛ն հայրենակից, իր նուիրական պարտքը պէտք է նկատէ իր բաժինը բերել, իր սրտէն եւ հոգիէն մաս մը դնել այդ շքեղ կառոյցին մէջ: Հետեւաբար, բացուած կը յայտարարենք հանգանակութիւնը Սրահի շինութեան ֆոնտին»:

Ներկաներու սրտաբուխ նուիրատուութեամբ անմիջապէս գոյացաւ 2675 լ. ոսկիի գումար մը, ընդհանուր խանդավառութեան մէջ: Անկախ հանգանակութեան բացումին, տէր եւ տիկին Ազիրեաններու կողմէ նուիրուած 400 լ. ոսկիէն, Միութեան պատուոյ նախագահը սրահի հողի գնման իր մասնակցութիւնը բերած էր արդէն 1200 լ. ոսկիով: Տարեդարձի տօնակատարութեան կը գտնուէին նաեւ ոչ սիսեցի անձնաւորութիւններ, որոնք` քաջալերելով վարչութեան ձեռներէցութիւնը, ըրին կարեւոր նուիրատուութիւններ: Հանգանակութեան աշխատանքը պիտի շարունակուի վարչութեան անդամներէն բաղկացեալ յանձնախուբի մը կողմէ:

Վարչութիւնը կը յայտնէ իր սրտագին շնորհակալութիւնները բոլոր նուիրատուներուն:

Երկրորդ տարուան սեմին, Սիսեցի երիտասարդներու միութեան վարչութիւնը կը ներկայանայ բազմապատկեալ եռանդով եւ ազգօգուտ ու օգտաշատ աշխատանք տանելու նախանձախնդրութեամբ:

ՍԱՐԳԻՍ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

 

Ս. Յակոբ Ազգային Բարձրագոյն
Վարժարանի
Մանկապարտէզի Հանդէսը

Կիրակի, 26 մայիս 1963` կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Էշրեֆիէի Ազատամարտ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ ազգային բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ Անդրանիկ Կրպիճեանի:

Ծնողներ, ժամանակէն առաջ սրահը լեցուցած էին ծայրէ ծայր:

Վարժարանի վաստակաւոր տնօրէն, Ղազար Չարըգ բացման խօսքը ըրաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կ՛օժանդակեն վարժարանի յառաջդիմութեան:

Այնուհետեւ, գործադրութեան դրուեցաւ հանդէսին յայտագիրը, որ սկիզբէն մինչեւ վերջ մեծ հաճոյքով դիտուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Գնահատանքի արժանի աշխատանք տարած էին մանկապարտէզի ուսուցչուհիները, շնորհալի մանկապարտիզպանուհի Շուշանիկ Փաթաթեանի գլխաւորութեամբ:

Եղան արտասանութիւններ, խմբերգներ, պարեր, մարզանք, զաւեշտ եւ մանաւանդ հայկական պար, ուր փոքրիկները ցոյց տուին իրենց շնորհները:

Հանդէսի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում: Վարդան վրդ. Տէմիրճեանի աջը համբուրելով, ծաղիկ դասարանէն մօտ 20 փոքրիկներ իրենց վկայականները ստացան:

Հանդէսի յաջողութիւնը եւ կատարուած աշխատանքները գնահատելով, Անդրանիկ Կրպիճեան 400 լ. ոսկի նուիրեց վարժարանին սրտաբուխ զգացումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES