Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Մայիսեան Ձեռնարկներ
Ժընեւ
Հովանաւորութեամբ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուրի, 8 մայիսին Ժընեւի հայկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրման 21-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Իր բացման խօսքին մէջ Շ. Ազնաւուր կարեւոր նկատեց Շուշիի ազատագրումը արցախեան յաղթական ազատամարտին մէջ եւ նշեց, որ նման յաղթական իրադարձութիւնները եւ անոնց նշումը կը բանան հայ ժողովուրդին հետագայ յաղթանակներու ուղին:
Ելոյթ ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, որ ընդգծեց Շուշիի յաղթանակի պատմական նշանակութիւնը արցախեան ազատամարտին մէջ` բարձր գնահատելով այդ յաղթանակին մէջ հայ ժողովուրդի միասնականութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական սփիւռքի դերը: Ան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման ներկայ ընթացքը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ձեռքբերումներուն նուիրուած տեսերիզ մը:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ Ժընեւի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Հայրիկ աբղ. Յովհաննէսեանը որ հաստատեց, թէ պատերազմին յաղթած արցախահայութիւնը կը յաջողի խաղաղութեան պայմաններուն մէջ շէնցնել հայրենիքը եւ հզօրացնել հայկական պետականութիւնը:
Վրաստան
* 9 մայիսին Վիրահայոց թեմին Ախալքալաքի գեղարուեստի դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց Գողգոթա» խորագիրով ցուցահանդէսի բացում:
Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Մերուժան Շահումեանի բացման խօսքէն ետք օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Սամցխէ-Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Բաբգէն աբղ. Սալբիյեան:
Ցուցահանդէսի բացումը ողջունեցին Ախալքալաքի Սակրեբուլոյի նախագահ Համլէթ Մովսիսեան, Ջաւախքի երիտասարդ նկարիչներու ընկերակցութեան ղեկավար Հայկազուն Ղարագուլեան, տեղական դպրոցի տնօրէն Կառլեն Կարապետեան, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Գէորգ Սնխճեան:
Խօսք առաւ նաեւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան: Այս առիթով երիտասարդական կեդրոնի սաները ներկայացուցին համերգ մը:
Նոյն օրը Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց եկեղեցւոյ բակին մէջ ազգագրական երգերու եւ պարերու համերգ:
Աւարտին Վազգէն եպս. Միրզախանեան անդրադարձաւ Շուշիի ազատագրման եւ արձանագրուած մեծ յաղթանակի կարեւորութեան:
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը այցելեց Ախալցխայի «Վահրամ Գայֆեճեան» ստեղծագործողներու միութիւն, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում արուեստի հայ գործիչներու, մտաւորականութեան եւ համայնքային ներկայացուցիչներու հետ:
*
10 մայիսին Թիֆլիսի «Արտհալ» համերգային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Մայիսեան եռատօնին:
Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի համակարգող եւ մշակոյթի բաժնի պատասխանատու Լեւոն Չիդիլեան յիշեց ազատամարտիկները, որոնք հերոսաբար հարթած են ճանապարհը դէպի յաղթանակ, դէպի ազատ ու անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Վիրահայոց թեմի կայքէջի շնորհահանդէսը, որ նուիրուեցաւ Շուշիի ազատագրման օրուան եւ պիտի գործէ չորս լեզուներով:
Համերգի աւարտին Վիրահայոց Թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց համերգի բոլոր կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն: Ան փոխանցեց Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեանի շնորհաւորութիւնը` այս տօնին առիթով: Ան նաեւ շեշտեց Շուշիի ազատագրութեան եւ Մեծ յաղթանակի կարեւորութիւնը:
Տօնական համերգին ազգային, հայրենասիրական, ժողովրդական երգերու եւ պարերու կատարումներով հանդէս եկան «Հայարտուն» կրթա-մշակութային կեդրոնի հովանիին տակ գործող «Ներսէս Շնորհալի»-ի անուան կրտսեր եւ աւագ երգչախումբերը, «Ճէյրան», «Մուշ», «Անի» եւ «Վանք» պարային համոյթները, անհատ երգիչները:
Միացեալ Նահանգներ
12 մայիսին Ուաշինկթընի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրման 21-ամեակին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման տօնին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակին նուիրուած արարողութիւն եւ ձեռնարկ:
Ելոյթ ունեցողները անդրադարձան Համաշխարհային Բ. պատերազմի հայ մասնակիցներուն եւ Շուշիի ազատագրման հերոս նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքով պայքարեցան հայրենիքի ազատագրման եւ պաշտպանութեան համար:
Նոյն առիթով, նախորդ շաբաթ Ուաշինկթընի Արլինգտոնեան յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Արամ Խաչատուրեանի 110-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկներ
Ս. Փիթըրզպուրկ
1 մայիսին Սանթ Փիթիրզպուրկի Դ. Շոստակովիչի անուան ակադեմիական ֆիլհարմոնիայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մեծանուն երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակին նուիրուած համերգ:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Յակոբեան: Ապա Ս. Փիթերզպուրկի պետական ակադեմիական սիմֆոնիկ նուագախումը (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր բեմադրիչ Ալեքսանդր Տիտով) մեկնաբանեց Ա. Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը:
Պիելորուսիա
20 մայիսին Պիելոռուսիոյ երաժշտութեան պետական ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակին նուիրուած համերգ:
Ա. Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններով հանդէս եկաւ «Նեմիգա» համերգային նուագախումբը:
Վրաստան
Պարգեւներու Յանձնման Արարողութիւն
13 մայիսին Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին նուիրուած ընդունելութիւն:
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ռազմական կցորդին կողմէ «Ծովակալ Իսակով» եւ «Մարշալ Բաղրամեան» յուշամետալներ, պարգեւներ եւ արժէքաւոր նուէրներ յանձնուեցան Երկրորդ աշխարհամարտի վեթերաններուն եւ արցախեան հերոսամարտի թիֆլիսահայ մասնակիցներուն:
Աւարտին Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան շնորհաւորեց Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Շուշիի ազատագրման համար մղուած մարտերու մասնակիցները եւ նշեց, որ անոնց սխրանքը հայրենասիրութեան օրինակ է իւրաքանչիւր հայորդիի համար:
Քուէյթ
Քուէյթի Ազգային Վարժարանի
Սաներուն Ելոյթը
Քուէյթի կրթական նախարարութեան Մասնաւոր վարժարաններու բաժնի տնօրէնութեան 2012-2013 ուսումնական տարուան արտադասարանային գործունէութեան եզրափակիչ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 22 մայիսին, որուն ընթացքին Ազգային վարժարանի աշակերտները`«Շաքէ» պարախումբը, ներկայացուց երկու պար` «Արտաշատ» եւ «Իմ մայրաքաղաք»:
Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին կրթական նախարարութեան արտադասարանային աշխատանքներու բաժնի պատասխանատուներ Քուէյթի մարմնակրթութեան ընդհանուր պատասխանատու դոկտ. Մունա Հաշշաշի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան զանազան բաժանմունքներու ներկայացուցիչներ եւ վարժարաններու տեսուչներ: Ներկայ էր նաեւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի պետական տեսուչ` Ֆաթիմա Մուլան:
Վիեննա
Գիւմրիի Աւստրիական Մանկական
Հիւանդանոցի Գործունէութեան
Նուիրուած Ձեռնարկ
Վիեննայի մէջ Ներքին Աւստրիոյ ներկայացուցչութեան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած աւստրիական ֆինանսաւորութեամբ կառուցուած եւ 1992-էն գործող Գիւմրիի աւստրիական մանկական հիւանդանոցի աւելի քան 20-ամեայ գործունէութեան:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան հիւանդանոցին օժանդակող միութեան նախագահ դոկտ. Քրիստոֆ Լեխներ, անոր տեղակալ, միութեան պատուաւոր գործադիր տնօրէն, հիւանդանոցի հիմնադրութենէն ի վեր եւ մինչեւ 2012 աշխատանքները համակարգող Հանս Տեոլլըր, հիւանդանոցի նախագծող եւ կառուցապատման աշխատանքներու համակարգող փրոֆ. Կիւնտեր Պետեր, աւստրիական Քարիթասի ներկայացուցիչ եւ Աւստրիոյ Հայ առաքելական եկեղեցական համայնքի անդամ Ռուտոլֆ Մաղաքեան, Գիւմրիի «Մօր եւ մանկան» հիւանդանոցի տնօրէն Աշոտ Կուրղինեան, Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան եւ Հայաստանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ալոիս Կրաուտ:
Դեսպան Սէյրանեանի Այցելութիւնը
Բռնոյի Տոմաշ Մասարիկի Անուան
Համալսարան
14 մայիսին Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան այցելեց Բռնոյի` Չեխոսլովակիոյ առաջին հանրապետութեան առաջին նախագահ Տոմաշ Մասարիկի անունը կրող համալսարանը: Ան ներկայացուց «Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգին, համակարգման համաձայնագիրին, խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին, հայ-չեխական երկկողմ յարաբերութիւններու ներկայ հանգրուանին:
Միացեալ Նահանգներ
Սուրիահայութեան Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Պոսթընի հայութեան, Լեքսինկթընի Ազգային Ժառանգութեան Թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայեր Միացէ՛ք…» գեղարուեստական հանդիսութիւնը, որուն հասոյթը, ամբողջութեամբ տրամադրուեցաւ սուրիահայութեան:
Յանձնախումբի ատենապետ Մուրատ Մանուկեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հայութեան սիրտը նկատուած սուրիահայութիւնը այսօր կ՛ապրի ահաւոր առօրեայ մը եւ կարիքը ունի շտապ օգնութեան: Ան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի գաղութները լծուած են սուրիահայութեան օժանդակելու ժրաջան աշխատանքին, հետեւաբար իրենք եւս չեն կրնար մասնակից չդառնալ այդ աշխատանքներուն:
Օրուան ձեռնարկը կը բաղկանար երկու մասերէ` դասական եւ տոհմիկ:
Դասական բաժնին մէջ ներկայացուեցաւ երաժիշտ-յօրինող Արա Սարգիսեանի «Յարատեւ յոյսը` գարնան» գործը, մասնակցութեամբ` ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի: «Չիլինկիրեան քառեակ»-ի ջութակահարը, դաշնակահար Լիլիթ Կարապետեան-Շուկարեանի հետ մեկնաբանեց երաժշտական կտորներ: Երգիչ Եղիշէ Մանուչարեան դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիլիթ Կարապետեան-Շուկարեանի ներկայացուց երգերու փունջ մը: Ապա ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Վիքթորիա Աւետիսեան, նաեւ սոփրանօ Քնարիկ Ներկարարեան:
Տոհմիկ բաժնով «Զանգակներ» մանկական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Յասմիկ Քոնճոյեանի, ներկայացուց ազգայնական երգերու փունջ մը: Ապա ելոյթ ունեցաւ «Ապագայ» պարախումբը, ղեկավարութեամբ` Աբօ Աշճեանի, նաեւ Համազգայինի պատանեկան «Էրեբունի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ` Արման Մնացականեանի :
Նշենք թէ, այս ձեռնարկին հաւաքուած հասոյթն էր 30.500, որ ամբողջութեամբ տրամադրուեցաւ սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտին:
Նկարիչ Շանթ Կիրակոսեանի Նկարներու
Ցուցահանդէսը
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, 19 մայիսին «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմատաղանդ արուեստագէտ, երկրաչափ ու նկարիչ Շանթ Կիրակոսեանի նկարներուն ցուցադրութիւնը:
Արմէն Սամուրգաշեան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ներկայացուց արուեստագէտին կենսագրական գիծերը: Ան յայտնԵց, թէ Շ. Կիրակոսեանի բազմաբնոյթ արուեստի գործերը կը պարունակեն քանդակագործութիւն, զարդանկարչութիւն, որմանկարչութիւն, պալատական նկարներ, բնական տեսարաններ, պալէի նկարներ, գեղանկարներ ու հետաքրքրական զանազան տեսակի արուեստի գործեր: Ան տուած է անձնական ցուցահանդէսներ ու իր մասնակցութիւնը բերած է զանազան խմբային ցուցահանդէսներու: Իր գործերը ընդհանրապէս կը բաղկանան իւղաներկերէ, արձաններէ, ջրաներկերէ, որմանկարչութիւններէ, փայտի փորագրութիւններէ եւ այլն:
Շանթ Կիրակոսեան իր ներդրումը ունեցած է նաեւ հայկական ազգային բազմաթիւ հաստատութիւններու, շէնքերու եւ գրասենեակներու կառուցման ու ներքին յարդարանքին` Հալէպի, Դամասկոսի ու Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ, արժանանալով գնահատական վկայագիրներու, որոնց կարգին` «Հայ տիպար երկրաչափ»-ի վկայագիրը, զոր ստացած է 2002-ին, Հալէպի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանէն: Ան ստացած է նաեւ երկու գնահատագիրներ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանէն. առաջինը` «Տիպար երկրաչափ»-ի գնահատագիր (2007), Ազգային գանձատան հիմնադրութեան ու կառուցման առիթով, իսկ երկրորդը` «Առաջնորդի գնահատանք» (2012), Ազգային պատսպարանի կառուցման առիթով:
Շանթ Կիրակոսեանի ազգային շինարարական ծառայութիւններուն երկար շարքին կը պատկանին նաեւ Հալէպի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի «Անի», «Դալար» եւ «Սպիտակ» ճաշասրահներու վերանորոգումն ու ներքին զարդագործումը, Տէր Զօրի Ցեղասպանութեան նուիրուած եկեղեցւոյ ու յուշարձանին ճարտարապետական ուսումնասիրութեան աշխատանքը, Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին վերանորոգումը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ազգային կեդրոններ, սրահներ ու յուշարձաններ:
Շ. Կիրակոսեան իր կարգին քաջալերեց նոր սերունդը, երիտասարդութիւնը, որ կարեւորութիւն տան արուեստին եւ մանաւանդ հայ արուեստին, զարգացնեն արուեստն ու մշակոյթը իրենց երիտասարդական նոր շունչով` չմոռնալով նաեւ մեր Հայ դատին սուրբ նպատակն ու խիստ կարեւորութիւնը:
Յունաստան
Հայաստան–Յունաստան Առեւտրատնտեսական
Կապերուն Նուիրուած Ձեռնարկ
9 մայիսին Յունաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Յունաստան առեւտրատնտեսական կապերուն նուիրուած ձեռնարկ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան զարգացման հարցերով գլխաւոր քարտուղար Պ. Միհալոս, Յունահայկական առեւտրատնտեսական պալատի նախագահ Պ. Չոլաքեան:
Հայաստան-Յունաստան առեւտրատնտեսական կապերուն մասին խօսեցաւ Յունաստանի դեսպանութեան` առեւտրատնտեսական կապերու պատասխանատու Կ. Դասկալոպուլոս:
Յունահայկական առեւտրատնտեսական պալատի անդամները ներկայացուցին Հայաստանի տնտեսութեան արդի վիճակը, ինչպէս նաեւ ներդրումային կարելիութիւնները, ազատ տնտեսական գօտիներու, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն:

