«Էմ.Էս.»-ի Օրուան Առիթով. Յոյսդ Ո՞ւր Է Կեանքի Փոթորիկներուն Մէջ
ՍԱԼԲԻ ՏԷԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
«Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես»:
Մրրկալից փոթորիկ մը, որ ամէն բան կը շարժէ ու կը քանդէ: Անիկա կայ ո՛չ միայն Լիբանանի բնութեան մէջ, այլ նաեւ մեր կեանքերուն: Կեանքը լեցուն է տարբեր տեսակի փոթորիկներով. օրինակ` երկարատեւ հիւանդութիւն, արկածի հետեւանքով անկար վիճակ, անգործութիւն,մահ, ձախողութիւն, պատերազմ… Կը լսենք վատ լուրեր, որոնք կարծես մէկզմէկու կը յաջորդեն: Դուն կրնայ ըլլալ շատ ճնշուած կը զգաս, ուրախութեան յոյս մը իսկ չես տեսներ: Զզուած ես ամէն ինչէ, ընտանեկան կեանքի նոյնութենէն եւ երկրի անյոյս վիճակէն ալ: Կարծես սառած կեցած ես, եւ կեանքի փոթորիկը ամէն մէկ փչելուն բան մը եւս կը խախտէ:Ուրախութիւնը բառ մը կը մնայ թուղթին վրայ միայն…
Կայ անբուժելի երկարատեւ հիւանդութիւն մըն ալ, որ մրրակալից փոթորիկ մը եղաւ եւ դեռ է, իմ եւ մեր ընտանիքի կեանքերուն մէջ: Չլսուած բան մըն էր, որուն պատճառը դեռ հասկցուած չէ: Ամէն տարի մայիս ամսուան վերջին չորեքշաբթի օրը «Էմ.Էս.»-ի օրն է: MS- Multiple Sclerosis ` հայերէնով «Բազմապատիկ կարծրախտ»- կը ներէք, որ ճշգրիտ հայերէնը չեմ գիտեր դեռ, այս` բառացի թարգմանութիւն է: Յստակ ըլլալու համար, կ՛ուզենք նշել, որ այս 13 տարուան պայքարողի մը պատմութիւնն է, որ կը ներկայացնենք եւ բժշկական լրագիր մը չէ այս:
Հիւանդութիւնը «auto-immune» է, այսինքն` մարմնի ճերմակ գնդիկները փոթորիկ մը կը յառաջացնեն մարմնին մէջ, երբ իրենց ուզած ատեն եւ մարմնի ուզած ջիղերուն վրայ կը յարձակին, կարծելով, թէ մարմինը կը պաշտպանեն: Բայց կը քանդեն ջիղ-մարմին կապը եւ օրինակ` ոտքդ շարժելու հրամանը կրնայ ուշ գալ կամ չգալ: Անձը ժամանակի մը համար կրնայ կորսնցնել իր տեսողութիւնը, զգայնութիւնը, հաւասարակշռութիւնը, գրելու կարողութիւնը, կրնայ անբացատրելի յոգնածութիւն զգալ… «Էմ.Էս.»-ը ո՛չ մահացու, ո՛չ փոխանցիկ, եւ ո՛չ ալ ժառանգական հիւանդութիւն է, բայց ան յամրընթաց ձեւով անձը կը դարձնէ ֆիզիքապէս անկարող: Իսկ բժիկներ կ՛աշխատին հիւանդին անկար վիճակը թեթեւցնելու, ուշացնելու եւ ինչո՛ւ չէ օր մը բուժելու նպատակով: Հիւանդ անձը` փորձելով եւ կարդալով, կը հասկնայ, որ այսպիսի հիւանդութեան դեղերը ակնոցի մը նման են, որ աչքի տկարութիւնը չի բուժեր, այլ միայն` մեծապէս կ՛օգնէ տեսողութեան: Հիւանդին յոյսը այլեւս առաջուան պէս ո՛չ դեղերու, ո՛չ սննդական փորձերու, ո՛չ ալ գովազդային խոստումներու վրայ դրուած են: Թերեւս կը կարծէր, թէ յոյսը դեղերն են կամ ատակ օտարազգի բժիշկ մը… Այլեւս զզուած եւ յոգնած է երկարատեւ հիւանդութիւն ունեցող անձը:
Ուստի, հիւանդը դէմ յանդիման է նոր իրականութեան մը, զոր պէտք է ընդունի: «Էմ.Էս.»-է տառապող անձը կամ արկածի հետեւանքով անկար դարձած անձը կ՛անդրադառնայ, որ այլեւս մարդոցմէ կախեալ է: Ան պիտի ընդունի այս իրողութիւնը եւ անկախ ապրելու ձեւերու մասին խորհի:
Այլե՛ւս ընտանիքս եւ ես ստիպուեցանք թաղել նորածին երազները,օրինակ` ընտանիք կազմելու, ուսում շարունակելու… եւ ուրիշ պարզ բաներու, ինչպէս` մարզանք ընելու, քալելու, պտտելու, թատերասրահ երթալու, ինքնաշարժ վարելու, գործի երթալու…
Դեռ փոթորիկը կը շարունակուի: Կորսուածին համար իմ եւ մեր լացը բան մը չի փոխեր…: Բայց մէկ վայրկեան կանք առնենք ու խորհրդածենք:Հիմա, թերեւս, կրնանք գիտնալ, որ փոթորիկին մէջ եւ փոթորիկէն ետք, յոյսերնիս ո՛ւր է:
Վերը յիշուած Աստուածաշունչի համարը միայն առաջին տխուր կէսն է, փառք Աստուծոյ, որ հոն չի վերջանար: Եկէ՛ք ամբողջ համարը կարդանք:
«Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես: Աստուծո՛յ յուսայ, վասնզի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ, Իր երեսին փրկութեանը համար»: Սաղմոս 43.5:
Ուրեմն, Աստուծոյ յուսա՛նք: Փոթորիկներ, ցաւեր, նեղութիւններ պիտի ըլլան, եւ այո, մենք Քրիստոնեայ ենք… Բայց քրիստոնեայ հաւատացեալ ըլլալը չի նշանակեր, որ բնաւ նեղութիւն պիտի չունենանք, ինչպէս շատեր կը կարծեն:
Ահա 3 տարի է, որ տան մէջ եմ եւ միայն անհրաժեշտ ժամանակներուն,ընտանիքիս օգնութեամբ, տունէն դուրս կ՛ելլեմ: Այս երեք տարուան ընթացքին յոյս գտանք: Աստուած հասկցող եւ սիրող ընտանիք մը տուաւ, տան մէջ գործ հայթայթեց եւ հոգեւոր քոյրեր-եղբայրներով ընկերային շրջանակս զարդարեց: Պէտք է անդրադառնալ, որ մարմինդ կրնայ հիւանդ-անկար ըլլալ, բայց միտքդ առողջ ու արթուն է, եւ հոգիդ կը կենդանանայ Աստուծոյ խօսքով : Ամէն օր ըմբոշխնենք օրհնութիւններ` Աստուածաշունչը սերտելով: Հոն` յոյս գտայ, եւ կը գտնենք:
Գիտեմ, որ Տէրը թոյլ տուաւ, որ հիւանդութիւնը պատահի: Ահա Սաղմոսաց գիրքէն երկու համարներ, զորս վերջերս սկսայ հասկնալ եւ ամուր բռնել. «Քանի որ վշտացած չէի` կը սխալէի, բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ»: (Սաղմոս 119:67) եւ` «Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ, որպէսզի Քու կանոններդ սորվիմ», (Սաղմոս 119:71):
Աստուած թոյլ տուաւ, որ «Էմ.Էս.»-ի անյոյս, փոթորկոտ վիճակը զիս տան հանդարտութեան մէջ պահէ, որպէսզի Աստուածաշունչը սերտեմ եւ Քրիստոսը աւելի սիրեմ: Հաւատալով խօսքին` ընդունեցի Իր խոստումը. «Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է` նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն` ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ»: (Բ.Կորնթացիս 5.17): Շատ բաներ նոր եղան, ինչպէս հոգեւոր զարթօնք հիւանդութեան-անյոյս վիճակի մէջ: Փրկութեան յոյս գտնուեցաւ:
Ծանօթացայ Աստուծոյ, որուն Անունը մանկութենէս գիտէի, բայց Իրեն չէի գիտեր: Նոյնիսկ իմ անձնաթուղթին վրայ գրուած է` քրիստոնեայ: Սկսայ Աստուծոյ ըսել. «Շնորհակալ եմ» :Տէր Աստուած սիրեց եւ կը սիրէ զիս երբ հիմա հիւանդ ու անկար եմ. այս հրաշալի Սէրը առանց պայմանի է: Իր Արիւնով զիս գնեց առանց հարցնելու, եթէ կրնայ քալել կամ ոչ: Չնախընտրեց ինձմէ աւելի հարուստ եւ առողջ մէկը, բայց սիրեց զիս, ինչպէս որ եմ: Իր սէրը տեսնելով` այլեւս մակերեսային, անունով քրիստոնեայ պիտի չըլլամ ու չմնամ: Այլ` Իր ուզածին պէս, Իր փառքին համար պիտի ապրիմ: Եւ շատ բաներու համար կ՛ըսեմ Աստուծոյ. «Շնորհակալ եմ»:
Հիմա թերեւս կարծէք, թէ Աստուծմէ բժշկութիւն չեմ խնդրեր, ես կը փնտռեմ Իր կամքը: Աստուած հրաշքներ կը գործէ բժիշկներու, դեղերու միջոցով, աղօթքով եւ Իր զանազան ձեւերով: Աստուծոյ կը յուսանք եւ կը վստահինք, Իր ձեռքին գործն ենք, եւ բարի նպատակ մը ունի մեր կեանքերուն համար, որ մենք մեր սահմանափակ մտքերով չենք կրնար հասկնալ: Մեր յոյսը Իր մէջն է եւ Իր վրան է:
Աստուածաշունչէն հետեւեալ թանկագին համարով կ՛աւարտենք. «Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք»: Հռովմայեցիս 12.12:

