Սուրիական Օրագրութիւն…
ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Արեւելքի եդեմներին իջաւ պայծառ իրիկուն.
Հեքիաթական պալատներում սպասում են իմ հոգուն.
Ի՜նչ եմ շինում էս ցեխերում, աղմուկի մէջ վայրենի…
Ա՜խ , թէ նորից գտնեմ ճամբան դէպի էնտե՜ղ, դէպի տուն…»:
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Պատանի էի, երբ առաջին անգամ ընթերցեցի Տոսթոեւսքիին «Ծիծաղելի մարդուն երազը» պատմուածքը: Աւարտեցի ու մնացի շուար – ե՛ս էի այդ ծիծաղելի մարդը, որ հեռաւոր աստղիկի մը վրայ երջանիկ մարդկութիւն կը տեսնէ: Ու ամբողջ կեանքիս ընթացքին ան քալեց քովէս, չկրցայ անկէ ազատիլ ու «առողջ» մարդ դառնալ: Նոյնիսկ կեանքի փորձառութեան բեռս չէ կրցած իմ մէջ ընկճել Տոն Քիշոտը կամ սիրելիս` ծիծաղելի մարդը: Այսօր ալ չեմ կրնար հաշտուիլ աշխարհի այն պարզ իրողութեան հետ, թէ որպէսզի ոմանք դղեակներու մէջ սոնքան` ուրիշներ փլատակներու տակ պիտի մնան, որպէսզի ոմանք խաւիար – ձկնկիթ ու (ինծի անծանօթ) համադամներ խժռեն, այլոք աղբանոցէն մնացուկներ պիտի ժողվեն, որպէսզի ոմանք հասնին ոսկեզօծ զառամութեան, ուրիշներ պատանութեան սեմն ալ պիտի չթեւակոխեն….
Ուրեմն թոյլ տուէք հրաժեշտ տալ:
Վերջացա՞ւ սուրիական պատերազմը. ո՛չ հարկաւ: Ե՞րբ կը վերջանայ` դուք կարծիք ունի՞ք: Նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը անգղի իր բաժինը փրցնելէ ետք հոս վերջանայ, երբեք կ՛աւարտի՞ պատերազմը: Չէ՞ որ մեր մոլորակի բնակիչներուն միակ գոյաձեւն է ան: Աշխարհը մեծ է, ու մեր ձեռքերը տաքցնելու համար մենք այնքա՜ն տեղեր ունինք խարոյկներ վառելու: Ամերիկացիները նոյնիսկ աստղային պատերազմներ նախատեսած են… Մինչդեռ իմ յուզական վերաբերմունքս պիտի չփոխուի: Ես երբեք «մեծ» պիտի չորակեմ անցեալ ու գալիք դարերու բոլոր անոնք, որոնք նուաճեր, ստրկացուցեր են ու ստրուկ մարդկութեան պարտադրեր իրենցմով հիացում: Թէկուզ քաղաքներ շինէին ու խթանէին գիտութիւն ու մշակոյթ, սակայն միլիոնաւոր մարդոց ճակատագիրին հետ խաղալ ո՞վ արտօնած է անոնց: Ես չե՛մ արտօներ: Հակառակը` կ՛ընդունիմ տեսութիւնը, թէ իւրաքանչիւր մուրացկանի սերունդներու մէջ արքաներ ու իւրաքանչիւր արքայի սերունդներու մէջ մուրացիկներ կան: Թո՛ղ մանուկ մարդիկ շարունակեն իրենց կռիւ-կռիւ խաղը. ես մեծցած եմ, կը կարծեմ ու կը քաշուիմ այս խաղէն (զոր ես չեմ յօրինած):
Չեմ կրնար ընդունիլ մարդու հազարամեայ ընթացքին վրայ միայն անտառի օրէնքին տիրապետութիւնը: Ալ ինչո՜վ ծիծաղելի չեմ: Ու քանի որ աշխարհը պիտի շարունակէ նոյն ընթացքը, իսկ ես պիտի մնամ անյուսալի երազող, այլեւս պէտք է, որ գոցեմ օրագրութեանս էջերը:
Օրագրութիւնս, որ աւելի զրոյցի նմանեցաւ, ինծի համար իւրօրինակ քննութիւն եղաւ, անկէ ելայ համոզուած երջանկութեանս: Հաստատեցի, որ այս աշխարհին մէջ բազում են բարեկամներս (այսինքն` մարդիկ) ու սակաւ` ոչ բարեկամներս (….): Կա՞յ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան մարդոց ժպիտներ քաղելը:
Արդ, թախիծով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին (ու իմ սիրելի՜ նախկին աշակերտներուս` ցրուած այս աշխարհի բոլոր ծագերը) ու կը մաղթեմ, որ մեր յաջորդ հանդիպումը … Հալէպի ծաղկումին երգը պատմէ:
Կրնա՞մ երազել, որ ան Հայաստանի մէջ ըլլայ….
Բարի՜ երազներ ձեզի, մեր սքանչելի երկնակամարին տակ:
Իսկ ես, ռումբերու տարափին տակ, կ՛երթամ իմ աստղիս նայելու. թերեւս հոն կա՞յ հասունցած մարդկութիւն….
Ձեր` ծիծաղելի մարդ

