Ծանուցողական Լրատուութիւն. Փ. Այանեան Պարգեւատրեց Ռիատ Սալամէն

Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փօլ Այանեան պարգեւատրեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն:

Փ. Այանեան դրուատեց Կերոնական դրամատան կառավարիչին տասնեակ տարիներու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց անոր զոհողութիւնները` ի խնդիր երկրին տնտեսութեան եւ դրամատնային բարգաւաճման:

Փ. Այանեան շեշտեց, որ Ռիատ Սալամէ քսան տարի շարունակ ծառայած է եւ դժուար պայմաններու ներքեւ իսկ պահպանած երկրին տնտեսական ու դրամատնային մարզին կայունութիւնը:

«Ռիատ Սալամէ Կեդրոնական դրամատան լաւագոյն կառավարիչն է, եւ անոր համբաւը հասած է զանազան երկիրներ», շեշտեց Փ. Այանեան:

Share this Article
CATEGORIES