Հայաստանէն Գիտական Եւ Դիւանագիտական Դէմքեր Դպրեվանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 21 մայիս 2013, յետմիջօրէի ժամը 3.30-ին, դպրեվանք այցելեցին տոքթ. Մհեր Յովհաննիսեան (փոխտնօրէն Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի) եւ Վաղինակ Յովհաննիսեան (վարչութեան պետ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան):

Հիւրերը ընդունուեցան դպրեվանքի տեսուչ` Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, տեսչութեան անդամներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ:

Այս այցելութիւնը օգտաշատ առիթ եղաւ Երեւանի պետական համալսարանի եւ դպրեվանքի կրթական համակարգերուն մասին զրուցելու եւ Հայաստան-սփիւռք կապերը առաւել ամրապնդելու:

Դասախօսութիւն` Ճորճ Ամպարճեանի

Ուրբաթ, 17 մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարչութեան նուիրուած երեկոյ: Օրուան դասախօսն էր հալէպահայ արուեստագէտ Գէորգ Ամպարճեան:

Երեկոյին բացման խօսքը կատարեց եւ դասախօսը ներկայացուց դպրեվանքի նկարչութեան ուսուցիչ Յովսէփ Գասպարեան:

Երկար տարիներու փորձառութիւն եւ գեղանկարչութեան հանդէպ յատուկ սէր ունեցող դասախօսը սրտբացօրէն իր ապրումները փոխանցեց դպրեվանեցիներուն: Ան հաստատեց. «Ինծի համար գեղանկարչութիւնը կեանք է, զգացում է, ինչպէս նաեւ աղօթք է. որովհետեւ միայն անոր միջոցով ես կը կարողանամ անհասանելի բարձունքներ նուաճել»:

Երեկոյին փակման խօսքը կատարեց դպրեվանքի տեսուչ  Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, որ նաեւ հրաւիրեց սաները դպրեվանքի երեկոյեան աղօթքէն առաջ «Տէր Ողորմեա»-ով Սուրիոյ խաղաղութիւն եւ սուրիահայութեան համբերութիւն խնդրելու:

Share this Article
CATEGORIES