Մայիսեան Տօնախմբութիւն Քուէյթի Մէջ
Մայիս ամիսը հայ ժողովուրդին համար կը նկատուի յաղթանակներու ամիս: Մայիսեան յաղթանակներով է, որ մեր ժողովուրդը կրցաւ կերտել իր հին ու նորօրեայ յաղթական պատմութիւնը: Իսկ մայիս 28-ը` Հայաստանի անկախութեան եւ հանրապետութեան օրը, մեր ժողովուրդի վերապրումի եւ ինքնութեան վերահաստատման խորհրդանիշն է: Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը մեր դարաւոր իղձն էր, որ իրականութիւն դարձաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն ընթացքին կերտուած փառայեղ յաղթանակներուն շնորհիւ: 95 տարիներ անց, Մայիսեան յաղթանակներու շունչով տոգորուած, միասնութեան բարձր ոգեշնչումով ու հպարտութեամբ, Քուէյթի ՀՅԴ Պատասխանատու կազմը ձեռնամուխ եղաւ իւրայատուկ տօնախմբութեամբ մը սոյն առիթը նշելու` այդ առթիւ յառաջացնելով մայիս 28-ի հանդիսութեան Կեդրոնական յանձնախումբը, որ ամիսներու քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ կարողացաւ անմոռաց երեկոյ մը պարգեւել քուէթահայութեան:
Արդարեւ, մայիս 16-ին` երեկոյեան ժամը 10:00-ին, հովանաւորութեամբ` Ծոցի Երկիրներու Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 95-րդ տարեդարձին նուիրուած շքեղ տօնակատարութիւնը: Հանդիսութեան նախագահն էր ասպետ Կիրակոս Տարագճեան: Քուէյթի Ազգային մարմիններու կողքին, սոյն հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Դաւիթ Լօքեանն ու Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան տիար Ֆատէյ Չարչօղլեան:
Տօնակատարութեան ընթացքին Քուէյթի ՀՅԴ Պատասխանատու մարմինի խօսքը փոխանցեց մարմնի ներկայացուցիչ Յակոբ Պետիրեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, իսկ օրուան խորհուրդը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լօքեան: Իսկ հանդիսութեան ճոխ մթնոլորտն ու բարձր տրամադրութիւնը ապահովեց հայրենիքէն ժամանած սիրուած երգիչ Յովսէփը` իր նուագախումբով:


