Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջիհանդէս. 68 Շրջանաւարտներ` Մաշտոցի Շունչով Տոգորուած Եւ Ամուր Գիտութեամբ Օժտուած, Ստացան Իրենց Վկայականները
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աւարտական աշակերտներու վկայականներու բաշխումի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 25 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները լսելէ ետք, մուտք գործեցին շրջանաւարտները: Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանին համար այս առիթը հաշուետուութեան պահ է, ինքնարժեւորելու միջոց է, անցնող տարուան աշխատանքը գնահատելու եւ գալիք տարեշրջանի աշխատանքի հորիզոնները բնորոշելու շարժառիթ է: Ան աւելցուց, որ այս բոլորին հունձքը մեր շրջանաւարտներն են, որոնք գործունէութեան արգասիքն են, եւ որոնց համար նշեալ հանդէսը եւս ունի իր կարեւորութիւնը:
Կ. Գալուստ շեշտեց, որ Մեսրոպեան վարժարանի անձնակազմին երազները սահման չունին, եւ դպրոցը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնէ` արձանագրելու նոր նուաճումներ, զարգացում եւ վերելք: Աւարտին Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն, բարերարներուն, ժողովրդապետութեան, սկաուտախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը զօրակցին վարժարանին:
Ապա շրջանաւարտները միասնաբար երգեցին «Մեսրոպեանի երգը», որմէ ետք արաբերէնով շրջանաւարտներու խօսքը արտասանեց Թրէյսի Խազրիք, որ նշեց, թէ շրջանաւարտներուն համար այս պահը յոյսի առիթ է, ծնողներուն ժպիտը վայելելու պահն է եւ անցնող տարիներու յիշատակները ապրելու միջոցն է:
Արուեստից վարժարանէն խումբ մը աշակերտներներ հրամցուցին նուագ մը, որմէ ետք ներկաները դիտեցին շրջանաւարտներուն մասին տեսերիզ մը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ աւարտական դասարաններէն խումբ մը աշակերտներու կողմէ հայկական, հնդկական եւ արաբական պարերու շարանի մը ներկայացումով, որմէ ետք Մարիա Մելքոնեան արտասանեց արաբերէնով մաղթանք մը:
Շրջանաւարտներու հայերէն խօսքը արտասանեց Մարինէ Հալլաճեան, որ նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանի հողը բարեբեր է, կը պատրաստէ նոր սերունդներ եւ կ՛ընթանայ աննահանջ քայլերով` որպէս յաղթական ջահակիր սփիւռքի օտար ափերուն: Արուեստիցի շրջանաւարտներուն կողմէ հայկական պարի մը կատարումէն ետք, ֆրանսերէնով շրջանաւարտներուն խօսքը ընթերցեց Վալենթինա Ապաճեան, որ շրջանաւարտներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրին, որպէսզի այս վկայականներուն արժանանան:
Աւարտական դասարաններու նուագախումբը ներկայացուց երաժշտութիւններու շարք մը, որմէ ետք Գէորգ Պուսույեան խօսք առաւ անգլերէնով: Ան ըսաւ, որ վարժարանը իր բոլոր տարրերով աշակերտներուն յանձնեց զէնք մը, որ մեզի կու տայ վստահութիւն, ինքնորոշման քաջութիւն եւ բարձր դիրքերու հասնելու կարելիութիւն:
Յառաջիկայ տարեշրջանի շրջանաւարտներուն «Մեսրոպեանի Վահան»-ի փոխանցումին յաջորդեց «Վերջին զանգ» խմբերգի հաւաքական կատարումը, որմէ ետք խօսք առաւ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը պայծառացած է իր կրթական ու դաստիարակչական նուաճումներով, լուսաւորուած` իր արձանագրած գիտական ու ուսումնական յաջողութիւններով եւ յառաջացած` իր այժմէական եւ կենսայորդ տեսիլքներով:
հայր Եղիայեան ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը դարբնոց մըն է մարդակերտումի, հայակերտումի եւ քրիստոսակերտումի, ովասիսային միջավայր մը, ուր ամէն արեւածագին կը կատարուի մարդ թրծելու, կազմելու, եւ կատարեալ հայ քրիստոնեայ մարդը կազմաւորելու հրաշքը: Իսկ շրջանաւարտներուն Հայր Եղիայեան ըսաւ, որ անոնք պէտք է տէր դառնան իրենց ապագային եւ ամէնուրեք հպարտանան հայու պատկանելիութեամբ:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում, կարկանդակի հատում, հրավառութիւն եւ շնորհաւորութիւններու ընդունում:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

