«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Սփըրզ Հանդիսացաւ Արեւմտեան Շրջանի Ախոյեան. Փէյսըրզ – Հիթ` 2-2
93-86 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 4-0 արդիւնքով յառաջանալով Մեմֆիս Կրիզլիզի վրայ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ հանդիսացաւ Արեւմտեան շրջանի ախոյեան:
Թոնի Փարքըր նշանակեց 37 կէտ` ի նպաստ յաղթական կազմին:
Ինչ կը վերաբերի Արեւելեան շրջանի աւարտական մրցումին, Ինտիանա Փէյսըրզ 99-92 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մայեմի Հիթի, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել` 2-2: Հիթի մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս բաւականացաւ 24 կէտով, մինչ Փէյսըրզի մաս կազմող Ռոյ Հիպըրթ նշանակեց 23 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:
CATEGORIES Մարզական

