Միջեկեղեցական Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ

Երեք օրեր առաջ, շուրջ 40 հոգիներ ներկայ գտնուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցած միջեկեղեցական հանդիպումին: Ներկաները կը ներկայացնէին Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Շուէտի, Նորվեկիոյ, Դանիոյ, Ինտոնեզիոյ եւ Հնդկաստանի այն եկեղեցիները, որոնք միջեկեղեցական գործակցութիւն հաստատած են Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ աւետարանական ընտանիքի նախագահը, ընդհանուր քարտուղարը եւ գործադիր վարչութեան կարգ մը անդամները:

Ողջունելով ներկաները` վեհափառ հայրապետը նախ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց, որ եկեղեցիներ, յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, իբրեւ գործակից ո՛չ միայն նիւթապէս կը սատարեն Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի զանազան ծրագիրներուն, այլ նաեւ անոնք մեր մտահոգութիւններուն ու սպասումներուն թարգմանը կը հանդիսանան իրենց ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն մօտ: Ապա վեհափառ հայրապետը հետեւեալ կէտերուն մէջ ամփոփեց իր խօսքը. ա) Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ ու մարտահրաւէրներ: բ) Քրիստոնեայ համայնքները իբրեւ անբաժան մասը Միջին Արեւելքին, բնականաբար ենթակայ են շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: գ) Քրիստոնեայ համայնքները կառչած կը մնան Միջին Արեւելքին, որ ծննդավայրն է քրիստոնէութեան, եւ տէր կը կանգնին իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն: դ) Քրիստոնեայ համայնքները, ինչպէս անցեալին, միշտ պատրաստ են գոյակցելու իսլամութեան հետ փոխադարձ յարգանքի եւ հասկացողութեան հիման վրայ: ե) Քրիստոնեայ համայնքները կը մերժեն ամէն տեսակ բռնութիւն: Անհրաժեշտ է գոյութիւն ունեցող հարցերն ու տարակարծութիւնները երկխօսութեան ճամբով լուծել:

Վեհափառ հայրապետը այս կէտերուն լայնօրէն անդրադառնալէ ետք իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ խօսեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայ կացութեան մասին: Այս ծիրին մէջ վեհափառը յիշեց, որ վերջին քանի մը տարիներուն խորհուրդին դիմագրաւած տնտեսական ու վարչական դժուարութիւնները նուազագոյնի իջած են, եւ երկու ամիսներ առաջ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած գործադիր վարչութեան ժողովը աշխատանքի նոր ուղեգիծ մը ճշդած է: Վեհափառը ըսաւ, որ ժամանակն է, որ Արեւմուտքի եկեղեցիները կրկնապատկեն իրենց օժանդակութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն, յատկապէս քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան մարզերուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց Սուրիոյ գաղթականներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն  անմիջական օժանդակութեան հրամայականը:

Վեհափառը իր խօսքէն ետք պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն: Ապա ներկաները այցելեցին Նահատակաց մատուռը եւ իրենց յարգանքը արտայայտեցին հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Share this Article
CATEGORIES