Մամլոյ 83-րդ Լսարան. Ինտրայի Կեանքին, Ճակատագիրին Եւ Գրական Արժէքին Մասին Շահեկան Զեկուցում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ին, երկուշաբթի, 27 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 83-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր` «Ինտրա. կեանք եւ ճակատագիր»:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ Ինտրան իր կեանքը նուիրած էր գրականութեան եւ արուեստին, եւ ինք իր գործունէութեամբ եւ ստեղծագործութիւններով մաս կազմած է հայ գրագէտներու ընտրանիին:
Ապա խօսք առաւ օրուան դասախօս փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ ներկայացուց Ինտրայի մուտքը գրականութեան մէջ, իր ստեղծած գրականութիւնը եւ կեանքի պայմանները:
Տէր Խաչատուրեան նշեց, թէ Ինտրային կեանքն ու ճակատագիրը եղած է վիպական, եւ հայ գրականութիւնը տակաւին ամբողջութեամբ չէ լուսաբանած եւ արժեւորած հեղինակին կեանքն ու գործունէութիւնը: Ան ըսաւ, որ իր կեանքի ընթացքին Ինտրա հրատարակած է երկու գիրք, 1906-ին` «Ներաշխարհ», իսկ 1908-ին` «Նոճաստան», ինչպէս նաեւ հեղինակ է բազմաթիւ գրութիւններու` ցրուած մամուլի էջերուն մէջ:
Ան նշեց, որ Ինտրա բարեշնորհ անհատականութեան տէր անձ մըն էր, որ գիտելիքներու մեծ պաշար ունէր եւ կատարեալ լեզու մը: Դասախօսը ըսաւ, որ Ինտրա ունեցած է ողբերգական մահ, երբ 1921-ին ձերբակալուած է, աքսորուած եւ 53 օր ետք սպաննուած է:
Ապա դասախօսը ներկայացուց Ինտրայի գրական արժէքը, աշխարհագրական փոփոխութիւններու ազդեցութիւնը, ջարդերու բացասական անդրադարձը անոր ստեղծագործութեան վրայ, հայրենի մտաւորականութեան վանողական կեցուածքը, հրատարակութիւններուն մէջ շարք մը աղաւաղումները եւ իր իսկ խմբագրութեամբ Ինտրայի երկհատոր գործերու հրատարակութեան ծրագիրն ու նախապատրաստական աշխատանքները:
Փրոֆ. Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ հայ մտաւորականութիւնը պէտք է վերցնէ պատասխանատուութիւնը պահպանելու հայ գրականութեան ժառանգութիւնը եւ փոխանցելու նոր սերունդին: Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան նաեւ յայտնեց, որ եթէ ժողովուրդը գրականութեամբ չապրի, ապա լեզուն կը վտանգուի, եւ այս առնչութեամբ առկայ է արեւմտահայերէնի գծով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ահազանգ-վտանգը:
Զեկուցումէն ետք ներկաները Ինտրային մասին զրոյցի ընդմէջէն ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ:


