Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի Մասնաճիւղին. Մայիսեան Փառատօն Այնճարի Մէջ

Երեքշաբթի, 28 մայիս 2013-ին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային փառատօն` Հայաստանի անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձին առիթով:

Փառատօնը սկսաւ ՀՄԸՄ Այնճարի ֆութպոլի դաշտէն, ուրկէ սկսաւ սկաուտական տողանցքը` առաջնորդութեամբ մասնաճիւղի փողերախումբին: ՀՄԸՄ-ական տողանցողները քայլարշաւ մը կատարեցին Այնճարի մայր փողոցներէն անցնելով եւ հասնելով մինչեւ ՀՄԸՄ-ի ակումբը:  Տողանցքին մասնակցեցան մասնաճիւղի սկաուտ- արենուշները, գայլիկ- մրջնիկները եւ մոկլիները:

ՀՄԸՄ Այնճարի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 95-ամեակի տօնակատարութիւնը` մասնակցութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սեպուհ Պոյաճեան, որ շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը մայիսեան փառաւոր յաղթանակին առիթով` կոչ ուղղելով բոլորին վառ պահելու անկախութեան կերտիչներուն կտակը` տէր կանգնելով ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարին:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-ամեակի կարեւորութեան, ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին անցած 95- ամեայ ճամբան եւ բարձր գնահատեց բոլոր այն սերունդները, որոնք ծառայեցին այս համահայկական միութեան: Ան յատուկ կերպով շեշտեց ՀՄԸՄ-ի մարդկային եւ ազգային դաստիարակութեան առաքելութիւնը` կոչ ուղղելով տէր կանգնելու «Բարձրացի՛ր – բարձրացուր» նշանաբանին:

Յակոբ Քէշիշեանի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ միջդպրոցական մարզական մրցումներու յաղթողներու մետալաբաշխումը` ձեռամբ Այնճարի քաղաքապետին, երեք վարժարաններու տնօրէններուն, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն եւ ՀՅԴ դաստիարակչական յանձնախումբի ներկայացուցիչին: Յաղթող մարզիկները ստացան մետալներ, իսկ խումբերը` բաժակներ:

Ձեռնարկի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցան երգիչներ Շաքէ Պաղտասարեան եւ Սարգիս Թաշճեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Անոնք կատարեցին ազգային – հայրենասիրական երգեր` խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով: Յայտնենք նաեւ, որ ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ Այնճարի կազմակերպած վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES