ՀՅԴ ԶՈՄ-ԶՈԳ. «Մրցէ՛, Շահէ՛, Ուսուցանէ՛» Միջուսանողական Զարգացման Մրցում

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը` ԶՈԳ-ը յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով կազմակերպեց «Մրցէ՛, շահէ՛, ուսուցանէ՛» միջուսանողական զարգացման մրցումը` հովանաւորութեամբ «Սոտեթել»-ի: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 25 մայիս 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Զարգացման մրցումին մասնակցեցան լիբանանեան 8 համալսարաններ յաճախող 54 ուսանողներ, որոնք բաժնուած էին 18 խումբերու: Իւրաքանչիւր համալսարան ներկայացաւ մէկէ աւելի խումբով: Մրցումին նպատակն էր շահող խումբին յատկացուելիք գումարը տրամադրել իբրեւ կրթաթոշակ` հայկական վարժարան յաճախող կարիքաւոր աշակերտի մը: Հարցումները բաժնուած էին եօթը մասերու` գրական, գիտական/այլազան, հայկական, պատմական/աշխարհագրական, արուեստ/մշակոյթ, մարզական եւ թուաբանական/տրամաբանական: Համալսարանական ուսանողներու միջեւ զարգացման այս մրցումին առաջին հանդիսացան լիբանանեան համալսարանի թիւ 1 խումբին անդամները` Երուանդ Էճիտեան, Սեւակ Թասլաքեան եւ Սարգիս Հալլաճեան:

Հայկական վարժարանի ընտրութիւնը դիպուածական էր: Շահող խումբը 2 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրեց Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին: Ինչպէս նաեւ խումբին 3 անդամները ստացան նուէրներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES