Աւանդական Ուխտի Օր` Զմմառու Վանքին Մէջ
Կիրակի, 26 մայիս 2013-ին, Աստուածածնայ ամսուան վերջին կիրակին, Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական Ուխտի օրը` կազմակերպութեամբ վանքի վարչութեան եւ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, մասնակցութեամբ Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբերուն, ինչպէս նաեւ ՀԿՄ-ի Զալքայի եւ Էշրեֆիէի պատանեկան միութիւններուն: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու մուտքէն դէպի վանքին գլխաւոր հրապարակը կատարուեցաւ հանդիսաւոր թափօր, որուն յաջորդեց հայրապետական Ս. պատարագը, զոր մատուցեց եւ որուն ընթացքին քարոզեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը:
Ս. պատարագին ներկայ էին Մանուէլ եպս. Պաթագեանը, վանքի վարչական հայրերը եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովրդապետները` մասնակցութեամբ իրենց զանազան կազմակերպութիւններուն եւ համայնքի կարգ մը անձնաւորութիւններուն:
Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին նոյն վայրին մէջ կատարուեցաւ վարդարանի աղօթք` բոլոր ուխտաւորներուն մասնակցութեամբ:
Նշենք նաեւ, որ ուխտի օրուան առիթով, վանքի կազդուրման զբօսայգին բացաւ իր դռները բոլոր այցելուներուն առջեւ, եւ պիտի շարունակէ բաց մնալ ամրան ընթացքին, ամէն օր երեկոյեան ժամը 5:00-էն 10:00-ը: Հոն զետեղուած է կրպակ մը` զովացուցիչ խմիչքներու եւ զանազան ուտելիքներու:

