Համազգային. «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 30-ամեակին Նուիրուած Նուագահանդէս
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով, երէկ` չորեքշաբթի, 29 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նուագահանդէս` մասնակցութեամբ երաժշտական քոլեճէն խումբ մը աշակերտներու եւ ներկայութեամբ երաժշտագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բ. Կանաչեան» քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան, որ մեծապէս գնահատեց քոլեճի աշակերտութեան կազմակերպուած եւ բծախնդիր աշխատանքը: Ան նշեց, որ քոլեճի հիմնադրութեան 30-ամեակը լաւագոյն առիթն է ներկայացնելու քոլեճի գործունէութիւնն ու արժէքը:
Ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան Նաթաշա Թոփաքեան (շուի), Կարօ Գրիգորեան (դաշնակ), Յակոբ Փամպուքեան (կիթառ), Սերուժ Յովսէփեան (դաշնակ), Մարինէ Հալլաճեան (ջութակ), Նարէ Աշգարեան (ջութակ), Հրակ Աշգարեան (կիթառ), Քրիսթոֆ Աուն (դաշնակ), Նարեկ Նաճարեան (ջութակ), Եսայի Սագայեան (կիթառ) եւ Հրակ Տեմիրճեան (ջութակ):
Աշակերտները մենանուագով կամ զուգանուագով ներկայացուցին Աճեմեանի, Խաչատուրեանի, Ալպենիզի, Պրահմզի, Պաղտասարեանի, Պախի, Թորրոպայի եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն: Կարգ մը նուագներու դաշնակով ընկերակցեցաւ Կարինէ Կակոսեան:
Աւարտին, Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրները լարային գործիքներու խումբ մը աշակերտներուն հետ միասնաբար նուագեցին Վիվալտիի «Քոնչերթօ Կրոսօ» ստեղծագործութիւնը:
«Բ. Կանաչեան» քոլեճի 30-ամեակի շրջագիծին մէջ, նշեալ նուագահանդէսը իր մասնակիցներուն բարձրորակ կատարումով արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին եւ հանդիսացաւ շարժառիթ` ներկայացնելու 30-ամեայ քոլեճի կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը լիբանանահայ ընկերութեան մէջ:

