«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Տարեկան Աւանդութեան Վերածուած Օգտաշատ Եւ Հաճելի Բացօթեայ Դասընթացք
Շաբաթ, 25 մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի «Լ. Շանթ» եւ «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոններու աշակերտներու բացօթեայ դասընթացքը` Սիուֆիի հանրային պարտէզին մէջ: Աշակերտներուն կ՛ընկերակցէին «Թ. Ռոսլին» դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Հրաչ Այնթապեան, գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասաքալեան եւ ուսուցիչներ:
Դասընթացքին մասնակից աշակերտները շուրջ երեք ժամուան ընթացքին բնութեան հետ հաղորդակցելով անցուցին գործնական եւ հաճելի պահեր: Անոնք իրենց նկարչական գործիքներով ապրելով բնութեան մէջ նկարագրեցին բնութիւնն ու իր շրջակայ տարրերը:
Այս առիթով «Ազդակ»-ի թղթակիցը հանդիպում մը ունեցաւ գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասաքալեանին հետ` նախաձեռնութեան մասին ստանալու համար յաւելեալ տեղեկութիւններ: Գապասաքալեան շեշտեց, որ այս ոճի աշխատանքը արդէն աւանդութեան վերածուած է եւ կը միտի դասարանային սահմաններէն դուրս հանել աշակերտութիւնը եւ բնութեան մէջ իրականացնել գործնական աշխատանք:
Ան ըսաւ, որ այս աշխատանքը ամավերջի ցուցահանդէսի պատրաստութեան կը ծառայէ եւ ունի ընկերային առումով իր յատուկ կարեւորութիւնը:
Յայտնենք, որ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ամավերջի ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 14 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

