Մէյս Ժապալի Ճատրակի Միջազգային Մրցաշարք. Նանօր Առնելեան Հանդիսացաւ Առաջին. Եօթը Հայեր Մասնակցեցան Մրցաշարքին

Հովանաւորութեամբ Մէյս Ժապալի քաղաքապետ Մուրթատա Քապալանի, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը շաբաթ, 25 մայիսին, Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով Մէյս Ժապալի մէջ կազմակերպեց ճատրակի միօրեայ միջազգային բաց մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ շուրջ 100 ճատրակ խաղացողներու:

Նկատի ունենալով, որ փոքրերու մրցաշարքին մասնակցողներուն թիւը այդքան ալ շատ չէր (13), անիկա տեղի ունեցաւ խառն ձեւով եւ ոչ` տարբեր դասակարգերով, այսինքն` 8 տարեկանէն վար մասնակից մը իր դէմ ունեցաւ 14 տարեկանէն վար մասնակից մը:

Հակառակ անոր որ փոքրերէն ոմանք քիչ մը անակնկալի եկան այս ձեւէն եւ արձանագրեցին ո՛չ այդքան լաւ արդիւնքներ, սակայն անիկա անոնց համար եղաւ բաւական լաւ փորձառութիւն մը, տարիքով իրենցմէ աւելի մեծ մասնակիցներու դէմ մրցելու օգտակարութիւնը` ապագայի հաշուոյն:

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին որոշումով միայն իրենց դասակարգի ախոյեան հանդիսացածներուն տրուեցան տիտղոսներ եւ նիւթական պարգեւներ, մինչ մնացեալ 9 մասնակցողները ստացան քաջալերանքի եւ յիշատակի մետալներ:

Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Նանօր Առնելեան, որ ապահովեց 3,5 կէտ:

Մնացեալ տիտղոսներուն տիրացան Մոհամետ Ժաուիշ (8 տարեկանէն վար, 4 կէտ), Մոհամետ Քապալան (10 տարեկանէն վար, 4 կէտ) եւ Ժաուատ Ֆարհաթ (12 տարեկանէն վար, 5 կէտ):

Մեսրոպեանի աշակերտ Նանօր Առնելեանէն բացի, փոքրերու այս մրցաշարքին մասնակցող երկրորդ միակ հայ մասնակիցը հանդիսացաւ Հրայր Գասապեան (Ճեմարան), որ ապահովեց 3 կէտ (10 տարեկանէն վար` երկրորդ):

Ինչ կը վերաբերի մեծերու բաց մրցաշարքին, տիտղոսին տիրացաւ կրանտմասթըր Ալեքսէյ Պարսով (Ուզպեքիստան), որ ապահովեց 6,5 կէտ, երկրորդ դիրքը գրաւեց հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան (6 կէտ), իսկ երրորդ դիրքը` Պասել Շարաֆ (6 կէտ):

Իսկ չդասուած խաղացողներուն մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Ուիսամ Սաքր (5 կէտ):

Նշենք, որ մրցանակակիրները ստացան նաեւ նիւթական պարգեւներ` քաղաքապետ Քապալանի կողմէ:

Նշենք, որ մեծերու այս բաց մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Արամ Աբրահամեան, Գրիգոր Օգնայեան, Աւօ Արմաղանեան եւ Վարդիվառ Գասապեան, որոնք արձանագրեցին գոհացուցիչ արդիւնքներ:

Մրցաշարքին մասնակցողները շատ սքանչելի կերպով հիւրասիրուեցան Մէյս Ժապալի քաղաքապետ Մուրթատա Քապալանի կողմէ:

Բոլորին համար տրամադրուած երթուդարձի փոխադրակառքերը եւ մրցաշարքին մասնակցութիւնը եղան ամբողջութեամբ ձրի, անոնք նախաճաշեցին եւ ճաշեցին հոն, իսկ երեկոյեան մրցաշարքէն ետք ընթրիքի հիւրը եղան քաղաքապետ Մուրթատայի` անոր բնակարանին մէջ:

Լիբանանի մէկ սքանչելի մասնիկը հանդիսացող Մէյս Ժապալի այս շրջանը, ճատրակի մրցաշարքի մը առիթով մեկնողները երբեք չզղջացին իրենց քայլին համար, թէեւ ոմանք տատամսեցան այդ քայլին դիմելու…

 

Share this Article
CATEGORIES