Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին հրապարակեց այն կարգադրութիւններն ու դասաւորումները, ինչ կը վերաբերի 4 յունիս 2013-ին տեղի ունենալիք Լիբանան – Հարաւային Քորէա մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիոյ գօտիին մէջ կատարուելիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Նկատի ունենալով, որ Մարզական աւանին մէջ կատարուելիք այս մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, դաշտին դռները պիտի բացուին յետմիջօրէի ժամը 16:30-էն սկսեալ:
Տոմսերը արդէն իսկ սկսած են վաճառուիլ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան), առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 16:00:
Մրցումին գիներն են 5000, 15,000, 50,000 եւ 100,000 լիբանանեան ոսկի:
Կազմուեցաւ աղջկանց ֆութպոլի պատուիրակութիւնը, որ 5-9 յունիսին առաջին անգամ ըլլալով Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ աղջկանց 2014-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեան, որ միեւնոյն ժամանակ Լիբանանի ֆութպոլի աղջկանց յանձնախումբին նախագահն է:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ երկու հայեր: Սարգիս Էսքիճեան բերդապահներուն մարզիչն է, իսկ Նաթալի Չիլինկիրեան` աղջկանց խումբին մաս կազմող միակ հայ ֆութպոլիստը:
Հրապարակուեցաւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Այդ մրցումները տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ (նշենք, որ անոնք յետաձգուած են նախորդ շաբաթավերջէն).
ՇԱԲԱԹ, 1 ՅՈՒՆԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռասինկ – Թատամոն Սուր 3:30 Պէյրութ
Շապապ Ղազիէ – Սալամ Սուր 3:30 Քֆարժոզ
ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՅՈՒՆԻՍ
Իժթիմահի – Թրիփոլի 3:30 Թրիփոլի
Շապապ Սահել – Ահտ 3:30 Սայտա
Անսար – Ախա Ահլի Ալէյ 3:30 Պէյրութ
Սաֆա – Նըժմէ 3:30 Մարզական Աւան
Վաւերացուեցան արդիւնքները երիտասարդներու ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին:
Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Շապապ Արապիէն կրեց քիչ մը ծանր պարտութիւն մը` 10-1 արդիւնքով:
Իսկ ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք երիտասարդներու ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անոնց յայտագիրին մէջ որոշ փոփոխութիւն մը կատարուեցաւ` հետեւեալ ձեւով.
ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՅՈՒՆԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Նըժմէ – Անսար 3:30 Ահտ
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նըժում Մուսթաքպալ 3:30 Սաֆա

