Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մարզական Յանձնախումբին Տարեկան Ճաշկերոյթը
Հովանաւորութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբը յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով «Աթլալ Փլազա» ճաշարանին մէջ (Ղազիր) կազմակերպեց տարեկան իր ճաշկերոյթը:
Զօր. Աունը կը ներկայացնէր Փիեռ Ռաֆֆուլ: Ներկաներուն կարգին էին նախարար Ժըպրան Պասիլ, երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Իպրահիմ Քանաան, Զիատ Ասուատ, Նաամթալլա Ապի Նասըր, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, որ կը ներկայացնէր նախարար Ֆայսալ Քարամէն, տարբեր ֆետերասիոններու եւ ակումբներու նախագահներ, քաղաքապետեր եւ մարզական լրագրողներ:
Ներկաներուն իր ուղղած խօսքին մէջ, Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբի նախագահ Ժիհատ Սալամէ ըսաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն իրենց անձնական հաշիւներուն համար մուտք գործել մարզական աշխարհ, պէտք է հեռու կենան այդ քայլէն, որովհետեւ անոնք իրաւունք չունին այդ քայլին ընդմէջէն իրենց քաղաքական յաջողութիւնները մարզական աշխարհին մէջ փնտռել:
Ան ըսաւ նաեւ, որ ինք եւ յանձնախումբին մաս կազմող բոլոր անձերը միշտ բարեկամութեան իրենց ձեռքը երկարած են բոլոր կուսակցութիւններուն, ինչ գոյնի որ ալ պատկանին անոնք:
Ան եզրափակեց ըսելով, որ Ուատիհ Ապսիի տարած աշխատանքներուն շնորհիւ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներուն ներկայութեան լիբանանեան մարզաշխարհը աւելի կը յառաջդիմէ:
Զօր. Աուն իր խօսքը ուղղեց հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ, որուն ընթացքին շնորհաւորեց եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց բոլորին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում:



