«Արեւմտեան Երկիրները «Ժընեւ-2»-Ի Խանգարման Ձգտող Կարգ Մը Աշխատանքներուն Կը Մասնակցին» Ըսաւ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի աջակցութիւնը վայելող կարգ մը քայլեր «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը խանգարելու կը ձգտին: «Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց այն, թէ արեւմտեան երկիրներու, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մասնակցութեամբ գործադրուող կարգ մը արարքները կը ձգտին կամաւոր կամ ակամայ կերպով խորհրդաժողովի գումարումը ձախողութեան մատնել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «պէտք է հարցը վճռենք. այս խորհրդաժողովին գումարումը կ՛ուզե՞նք, եթէ այո է, ապա իրողութեան մէջ այդ գաղափարը ձախողեցնել ձգտող արարքներէ պէտք է հրաժարինք, իսկ եթէ այդպիսի քայլեր առնել շարունակենք, ապա խորհրդաժողովին մասին պէտք չէ խօսինք»:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երկուշաբթի օր Փարիզի մէջ իրեն հետ ունեցած իրենց հանդիպումին ընթացքին համաձայնած են, որ ներկայիս գլխաւոր առաքելութիւնը խորհրդաժողովին մասնակիցներու ցանկին յստակացումն է:
Լաւրով յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ը կը վայելէ Ֆրանսայի եւ ամբողջ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկային եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան, որուն ընդհանուր քարտուղարը «մօտ օրէն Մոսկուա պիտի այցելէ»: «Մենք յստակութեան պէտք ունինք: Սուրիական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի, իսկ հիմա կարգը վարչակարգին ընդդիմադիրներուն է` նոյն յստակութեամբ ճշդելու համար իրենց կեցուածքը», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութեան, ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Իրան այն շատ կարեւոր երկիրներէն է, որ պէտք է մասնակցի խորհրդաժողովին»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ շուրջ խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութեան կը զօրակցինք բազաթիւ պատճառներով, որոնց ամէնէն կարեւորը այն է, որ սուրիական կողմերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր կողմերը ատոր կը մասնակցին, եւ անկասկած Իրան այդ ցանկին մէջ ամէնէն կարեւոր երկիրներէն է»:
Խօսելով Սուրիոյ մարտերուն Հըզպալլայի մասնակցութեան մասին` Լաւրով յայտնեց, որ լիբանանեան կուսակցութիւնը Սուրիոյ մէջ սրբավայրերը կը պաշտպանէ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս վերահաստատեց յառաջիկայ ամիս նախատեսուած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութեան իր բուռն ընդդիմութիւնը` յայտնելով, որ «Իրան սուրիական տագնապի կասեցումը չ՛ուզեր եւ հետաքրքրուած է միայն իր ազդեցութիւնը պահելով եւ Ասատի չպարտուելով»:
Ան նշեց, որ իրանեան ուժերը Սուրիոյ մէջ կռիւներուն առաջին գիծին վրայ կը գտնուին եւ Սուրիոյ բանակը Հըզպալլայի նման Իրանի համակիր տարրեր օգտագործեց:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի յայտնեց, որ Քերրի եւ Լաւրով երկուշաբթի գիշեր համաձայնութիւն գոյացուցած են որոշ գաղտնի գաղափարներու շուրջ, որոնք սակայն կարգ մը լրատուամիջոցներու սպրդուած են: Ան նշեց, որ այդ գաղափարները հետեւեալներն են` շրջանային կայունութեան պահպանում, Սուրիոյ ընկերային կազմուածքի, պետութեան կառոյցի եւ հաստատութեանց պահպանում, համաձայնեցուած ժամկէտով ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւն` առ ի պատրաստութիւն իշխանութեան խաղաղ փոխանցման»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ Թեհրանի մէջ Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովի բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին պէտք է խաղաղ լուծում մը գտնել` առաջարկելով կապի խմբակ մը հիմնել: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման կ՛աջակցի:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, շրջանի եւ աշխարհի մէջ անկայունութեան պիտի առաջնորդէ»:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր գլխաւորած կառավարութեան անդամներուն հրամայած է Սուրիոյ շուրջ եւ Ռուսիոյ կողմէ հրթիռներու մատակարարման հարցին շուրջ մեկնաբանութիւններ չկատարել: Ձայնասփիւռի կայանը աւելցուց, որ հրամանը արձակուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոնի կողմէ հնչած եւ Ռուսիոյ հասցէին սպառնական նկատուած յայտարարութիւններու շարքէ մը ետք:
Եաալոն երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ եթէ Ռուսիա «էս-300» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր Դամասկոսի յանձնէ, ապա «Իսրայէլ գիտէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ»: Ան աւելցուցած էր, որ «կը յուսամ, որ այդ մէկը տեղի չունենայ, սակայն եթէ այդ համակարգերը դժբախտաբար Սուրիա հասնին, ապա մեր ընելիքը պիտի գիտնանք»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշած էին, որ Եաալոն այդ յայտարարութեամբ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան օդուժի նոր յարձակումներու կ՛ակնարկէր:
Միւս կողմէ, Թունուզի վարչապետի պաշտօնակատար Մունսեֆ Մարզուքի երէկ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկեց թունուզցի երիտասարդներու` սուրիական ընդդիմութեան կողքին կռուելու համար Սուրիա հոսքը արգելակելու կարելիութիւնները:
Իսրայէլեան աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ յառաջիկայ շաբաթ Յորդանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ բազմաթիւ երկիրներու մասնակցութեամբ ռազմափորձ մը, որուն նպատակներէն մէկն է Սուրիոյ մէջ միջամտութեան պատրաստուիլը:
Աղբիւրները նշեցին, որ ռազմափորձին պիտի մասնակցին 15 հազար զինուորներ 18 երկիրներէ, ներառեալ` Բրիտանիայէն, Պահրէյնէն, Քանատայէն, Չեխիայէն, Փաքիստանէն, Լեհաստանէն, Քաթարէն, Թուրքիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Սէուտական Արաբիայէն, Եմէնէն եւ Լիբանանէն ուժեր: Աղբիւրները աւելցուցին, որ Իսրայէլ այդ ռազմափորձերուն պիտի չմասնակցի, սակայն պիտի շարունակէ Հըզպալլայի զէնքերու փոխանցման հարցով «Կարմիր գիծի»-ի քաղաքականութեան:
Մինչ այդ, Փենթակոնի բանբեր Ճորճ Լիթըլ յայտարարեց, որ Փենթակոն Սուրիոյ տագնապին զինուորական միջամտութեան համար նախապատրաստական աշխատանքներ չի տանիր: Այսպիսով, ան հերքած է «Նիուզուիք» ամսաթերթին մէջ հրապարակուած այն յօդուածը, որ ամերիկեան վարչակազմի երկու ներկայացուցիչներ վկայակոչելով կը նշէր, որ Սպիտակ տունը առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտին յանձնարարած է բազմազգ զինուորական միջամտութեան ծրագրաւորում կատարել:
Միւս կողմէ, հակառակ սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման արգելքը վերացնելու Եւրոպական Միութեան որոշումին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ իր երկիրը սուրիական ընդդիմութեան զէնք պիտի չմատակարարէ:


