Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՊԱՊ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ երէկ արձակազինութիւնը շարունակուեցաւ` պատճառելով յաւելեալ զոհեր եւ վիրաւորներ:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութենէն` շեշտելով, որ հարցերը աւելի եւս պիտի բարդանան, եթէ անոնք արմատական լուծում չգտնեն: Իտ հաստատեց, որ Թրիփոլիի զինեալ բախումները պիտի տարածուին ամբողջ երկրին տարածքին:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը կոչ ուղղեց ընդհանուր դատախազութեան ձերբակալելու Ժապալ Մըհսենի աւազակախումբը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը սպառնան Թրիփոլիին, ինչպէս նաեւ ապազինելու Պաալ Մըհսենը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի ապահովական արտակարգ պայմաններու դիմաց:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը գերագոյն դաւաճանութիւն է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ հակառակ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի օրէնքին հիման վրայ կատարելու իրականութեան, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը որոշեց իր թեկնածուները առաջադրել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սուրիական օդուժը Արսալի եւ Քաայի մէջ ռմբակոծած է մարտկոցներ, որոնք ուղղուած էին դէպի Հերմել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Քուսայրի վրայ սուրիական վարչակարգին բանեցնելիք հակակշիռը Լիբանանէն պիտի հեռացնէ զինեալներուն վտանգը:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Թրիփոլիի մէջ բախումները պիտի չաւարտին, մինչեւ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանին երկարաձգումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ Սուրիոյ տագնապին Լիբանան փոխադրութիւնը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Արքուպի, Հասպայայի, Շեպաայի, Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Սուրի, Նապաթիէի եւ Ժապալ Շէյխի վերեւ` հասնելով մինչեւ Ռաշայա եւ Արեւելեան Պեքաա:

