Մանսուր – Ալի Հանդիպում
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս` Սուրիոյ գողցուած հնութիւններուն թղթածրարը, սահմանային շարք մը հարցեր, զէնքի մաքսանենգում եւ այլ խնդիրներ:
Անդրադառնալով Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու փոխարէն Սուրիոյ բանտերուն մէջ գտնուող իգական սեռի արգելափակեալները ազատ արձակելու պայմանին` Ալի յայտնեց, որ Սուրիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու:
Ան շեշտեց, որ Դամասկոս յանձնառու է Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւններուն եւ կը ջանայ ազատ արձակել լիբանանցիները, որոնք առեւանգուած են ամերիկեան, արաբական, շրջանային եւ միջազգային հովանաւորութիւն վայելող աւազակախումբերու կողմէ:
Ալի հաստատեց, որ Սուրիոյ դէմ գործուած յարձակումն ու բռնարարքները ամբողջ շրջանին դէմ գործուած բռնարարքներու համազօր պէտք է նկատել` աւելցնելով, որ Սուրիա կը շարունակէ սատարել Դիմադրութեան շարժումներուն եւ կառչած կը մնայ այդ ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնայ իր ժողովուրդին եւ բանակին:
«Դիմադրութիւնները ահաբեկչութիւն նկատող կողմերն ու ուժերն են բուն ահաբեկիչները», աւելցուց Ալի:


