Ապատի Այցելեց Վարչապետ Սալամի
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները. Ապատի Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով Սալամի փոխանցեց շնորհաւորական նամակ մը` Իրանի Ա. փոխնախագահին կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Ապատի Իրանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան երաշխաւորման նպաստելու առնչութեամբ:
Ապատի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները:
Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ բախումներուն մասնակցելու եւ Լիբանանը այդ քայլին հետեւանքներէն զանց կացուցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապատի ըսաւ. «Մենք կը զօրակցինք բոլոր արդար դատերուն եւ Լիբանանի ու Պաղեստինի մէջ Իսրայէլի դէմ յայտարարուած դիմադրութիւնները կը նկատենք աշխարհի կարեւորագոյն դատերէն: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` մենք Դիմադրութեան զօրակցութիւնն ու անոր արժէքներուն պահպանումը անհրաժեշտ կը նկատենք», ըսաւ ան:
Ապատի նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին առաջին իսկ օրէն իրենք յայտարարած են, թէ կան ժողովրդային արդար պահանջներ, եւ ըստ քաթարեան, ամերիկեան եւ թրքական վիճակագրութիւններուն, սուրիացիներուն մեծամասնութիւնը մինչեւ օրս կը նախընտրէ բարեկարգումները իրականացնել նախագահ Պաշշար Ասատի գլխաւորութեամբ:
«Իսկ այսօր Սուրիա, իբրեւ դիմադրող երկիր, պետական եւ ժողովրդային մակարդակներուն վրայ թիրախ կը դառնայ, հետեւաբար Թեհրան ճիգ չի խնայեր նեցուկ կանգնելու Սուրիոյ` Դիմադրութեան զօրակցելու իր սկզբունքէն մեկնելով», շեշտեց Ապատի:
Ան աւելցուց, որ եթէ ամերիկացիները Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում կը փափաքին գործադրել, ապա անոնք պէտք է գործնական քայլերու դիմեն եւ վերջ տան սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու մասին իրենց յայտարարութիւններուն:


