«Երկրին Մէջ Տիրող Անյաղթահարելի Պայմանները Հիմնական Պատճառ Կը Հանդիսանան Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգման» Շեշտեց Պըրրի

Չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որմէ բացակայեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի:

Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ վաղը` ուրբաթ, 31 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին խորհրդարանի լիագումար նիստ մը կայացնել` քննարկելու համար խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը երկարաձգելու կարելիութիւնը:

Անհրաժեշտ է նշել, որ շրջան կ՛ընէին լուրեր, ըստ որոնց, առաջարկուած է խորհրդարանի նստաշրջանը 15 ամիսով` մինչեւ 20 սեպտեմբեր 2014 յետաձգել:

Միւս կողմէ, չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ Պըրրի ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական արտակարգ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անյաղթահարելի պայմանները պատճառ կը հանդիսանան խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը երկարաձգելու:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ այս առումով գոյութիւն ունեցող իրավիճակը ազատութեան ոչ մէկ առիթ կու տայ թէ՛ թեկնածուին եւ թէ՛ քուէարկողին, հետեւաբար նաեւ կը խանգարէ երկրին մէջ առողջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հաւանականութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES