«Առաջադրած Եմ Նախաձեռնութիւն Մը, Որուն Հիման Վրայ Հանրապետութեան Նախագահը Պէտք Է Առանց Նախապայմանի Երկխօսութեան Հրաւիրէ Բոլոր Ուժերը» Շեշտեց Միքաթի

Միքաթի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տարակարծութիւնը յստակ է, իսկ տարակարծիք ըլլալու իրականութիւնը առկայ է, «սակայն տագնապը մինչեւ ոճրագործութիւն տանելու քայլը մերժելի է, իսկ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի կողմէ առնուած որեւէ քայլ, որ կը ծառայէ երկրին շահերուն եւ Լիբանանի պահպանումին` յարգելի է եւ ողջունելի», ըսաւ ան:

Միքաթի շեշտեց, որ կողմնակալութիւնը քանդիչ տագնապի մը կրնայ վերածուիլ` աւելցնելով, որ ինք առաջադրած է նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պէտք է առանց նախապայմանի երկխօսութեան հրաւիրէ բոլոր ուժերը:

Միքաթի ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական իւրաքանչիւր ուժի եւ իւրաքանչիւր անձնաւորութեան կողմէ ներկայացուած զիջում կրնայ ծառայել Լիբանանի շահերուն:

«Մենք կրնանք երկրին թշնամիներուն դիմադրել միայն ազգային միասնականութեամբ եւ քաղաքացիական անվտանգութեան ամրապնդումով», հաստատեց Միքաթի:

Ան աւելցուց, որ երկու տարի առաջ ինք զգուշացուցած է բոլորը եւ խորհուրդ տուած Լիբանանը մրրիկին դէմ չտեղադրելու եւ կառչած մնալու չէզոք կեցուածքին: «Այսօր, լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը վերաշխուժացնելով կրնանք երկրին չէզոք կեցուածքը ամրապնդել», եզրափակեց Միքաթի:

 

Share this Article
CATEGORIES