Արսալի Մէջ. «Բանակը Թիրախ Դարձնողները Պիտի Պատժուին, Իսկ Բանակը Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Յաղթահարելու Ոլոր Մարտահրաւէրները» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, երէկ ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, ուղղուեցաւ Արսալ, ուր շեշտեց, որ պիտի գայ այն օրը եւ ժամը, որուն ընթացքին յանցագործները պիտի պատժուին եւ ահաբեկչութիւն գործած յանցագործներն ու բանակը թիրախ դարձնող կողմերը պիտի կրեն իրենց արժանի պատիժը:
Նախագահ Սլէյման ուղղուեցաւ Արսալի Ուատի Հըմայէտ շրջանին մէջ գտնուող բանակին անցարգելը, ուր հետեւեցաւ դէպքին մասին տրուած մանրամասն բացատրութեան:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ այնքան ատեն որ բանակը իր առաքելութեան շրջագիծին մէջ գործողութիւններ կը կատարէ, ապա ան պիտի ենթարկուի թշնամիին արարքներուն, որոնց մաս կը կազմեն ահաբեկչական գործողութիւնները:
Նախագահ Սլէյման այցելեց լիբանանեան բանակի Ռաս Պաալպեքի զօրանոցը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի սահմանապահերու ջոկատին հետ:
Նախագահ Սլէյման բանակին դէմ գործուած այս ոճիրը նկատեց Նահր Պարետի դէպքերուն նմանակը: Ան հաստատեց, որ անկարելի է, որ նման արարքները թիրախ դարձնեն բանակին դերակատարութիւնը եւ միասնականութիւնը:
«Ձեզի դէմ կատարուած որեւէ արարք պէտք չէ ձեր կորովին վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունենայ եւ ոչ մէկ ձեւով պէտք է հարուածէ բանակին միասնականութիւնը», ըսաւ նախագահ Սլէյման` կոչ ուղղելով բանակին իր տրամադրութիւնը բարձր պահելու եւ յաւելեալ կամքով ու կորովով շարունակելու իր պարտականութիւնը եւ գործողութիւնները:
Նախագահ Սլէյման եզրափակեց ըսելով, որ թշնամիին դէմ հզօրագոյն պատասխանը պիտի ըլլայ լիբանանեան միասնականութիւնը:
Նախագահ Սլէյման օր մը առաջ խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ գործուած ոճիրը` շեշտելով, որ անիկա Լիբանանը հարուածող ահաբեկչական գործողութիւններուն մէկ օղակն է, որ կը միտի երկրին մէջ գրգռութիւններ հրահրել եւ սադրանքներ նախապատրաստել:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց երկաթեայ բազուկով հարուածելու բոլոր անոնք, որոնք բանակին դէմ յարձակում կը գործեն եւ երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը թիրախ կը դարձնեն:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Արսալի Ուատի Հըմայէտ գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի անցարգելի մը մօտէն, առաւօտեան ժամը 3:30-ին, անցած է «Համըր» տիպի սեւ ինքնաշարժ մը, որուն մէջէն անծանօթներ կրակած են զինուորներուն ուղղութեամբ եւ սպաննած բանակի երեք անդամներ, որոնք են` Մոհամետ Ռատուան Շարաֆէտտին, Մուսթաֆա Խալետ Հայեք եւ Ալի Ատնան Մունզեր:
Ապա ինքնաշարժը փախուստ տուած է դէպի սահմանամերձ շրջան եւ մուտք գործած սուրիական հողեր:
Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը եւ գուժեց իր անդամներուն սպանութիւնը` յայտարարելով, որ այդ մասին հետաքննութիւն բացուած է` բացայայտելու համար դէպքին ծալքերը եւ ձերբակալելու համար յանցագործները:
Նահատակ զինուորներու յուղարկաւորութիւններուն ընթացքին բանակի հրամանատարութեան կողմէ արտասանուած դամբանականներուն մէջ շեշտուեցաւ, որ բանակին դէմ գործուած այդ ոճիրին պատասխանը պիտի ըլլայ յաւելեալ ջանքեր գործադրել եւ յաւելեալ զոհողութիւններ կատարել` հետապնդելու համար յանցագործները եւ պահպանելու երկրին ապահովութիւնը:
Իր կարգին, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Սաքըր Սաքըր պարտականութիւն յանձնեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ զինուորական ոստիկանութեան հետաքննութիւն բանալու եւ դիազննութիւն կատարելու` քողազերծելու համար պէտք եղած ճշմարտութիւնները:
Դէպքին մասին խօսելով` Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալի բնակիչները ոչ մէկ ձեւով մեղսակից են բանակին դէմ գործուած յարձակումին, եւ մերժեց այդ դէպքը ուղղակիօրէն առնչել անցեալ փետրուարին պատահած դէպքին:
«Լիբանանեան պետութիւնը մեր միակ հեղինակութիւնն է, եւ մենք մնայուն կերպով կը գործենք անոր հովանիին տակ», ըսաւ ան:
Պէտք է աւելցնել, որ Սուրիական ազատ բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Սելիմ Իտրիս շարունակեց Լիբանանի դէմ իր սպառնալիքները, որոնց ընդմէջէն ան շեշտեց, որ Սուրիական ազատ բանակը ներքին լիբանանեան առումով գործողութիւններ պիտի կատարէ` պատասխանելու համար Սուրիոյ բախումներուն Հըզպալլայի մասնակցութեան:
Դատապարտումի Ալիք
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտելէ ետք բանակին դէմ գործուած այս անարգ ոճիրը շեշտեց, որ նման քայլեր բանակը ետ պիտի չմղեն` երկրին ապահովական կայունութիւնը հաստատելու իր պարտականութենէն:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ գործուած ոճիրը` շեշտելով, որ այդ մէկը գործող կողմերը երկչոտ են` աւելցնելով, որ նման դէպքեր կողմերուն կը ստիպեն երկրին մէջ տիրող սուր լարուածութիւնը հանդարտեցնել:
Նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի եւ Ֆուատ Սինիորա հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցան բանակի հրամանատարին հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին բանակի երեք նահատակ զինուորներուն համար: Անոնք շեշտեցին իրենց զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարութեան` որեւէ թշնամիի դիմադրութեան պարագային:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց բանակին` շեշտելով, որ պէտք է վերջ տրուի նման արարքներու եւ զինուորներուն արիւնը յումպէտս պէտք չէ հոսի:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Քահուաժիի հետ եւ անոր ու բանակին յայտնեց Հըզպալլայի զօրակցութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ բանակին դէմ գործուած այս արարքը կանխամտածուած ոճիր է` խոչընդոտելու համար բանակին առաքելութիւնը եւ յուսալքելու զինուորները:
Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ղեկավարութիւնները խստիւ դատապարտեցին բանակը թիրախ դարձնող ոճիրը` զայն նկատելով բոլոր լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճիր, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն ազգային միասնականութիւնն ու անվտանգութիւնը թիրախ դարձնող արարք:
Զինուորները թիրախ դարձուցած անարգ ոճիրը դատապարտեցին նաեւ երեսփոխաններ Նաամէ Թոհմէ, Պութրոս Հարպ եւ Սամիր Ժսըր:
Բանակին դէմ գործուած քստմնելի այս արարքը դատապարտուեցաւ նաեւ ամերիկեան եւ ֆրանսական արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ` զայն նկատելով լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան դէմ գործուած յարձակում:





