«Հայերուն Դէմ Գործուածը Ցեղասպանութիւն Էր Եւ Պետութիւնը Պէտք Է Ներում Հայցէ Հայերէն» Կը Յայտարարէ Մունկան

Մուրատհան Մունկան

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան` քրտական հարցին մէջ հաշտութեան նոր հոլովոյթի քննարկման համար Անգարայի մէջ կազմակերպած «Ժողովրդավարութեան ու հաշտութեան համագումար»-ին ընթացքին Վետաթ Թիւրքալի դիտել տուած է, որ քրտական հարցին հետ միասին պէտք է լուծուի նաեւ հայկական հարցը:

Նշանաւոր գրագէտ ու բանաստեղծ Մուրատհան Մունկան իր կարգին յայտարարած է, որ «հայերուն դէմ գործուածը ցեղասպանութիւն էր եւ պետութիւնը պէտք է ներում հայցէ հայերէն: Պէտք է ընդունի հայերուն եւ բոլոր միւսներուն Թուրքիոյ մէջ ապրելու իրաւունքը»: Ան ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ այլեւս պէտք է հնչեն հաշտութեան զանգակները:

Մունկան ըսած է, որ ինք անցեալին վրայէն բոլոր վարագոյրները բանալու կողմնակից է: «Անցեալէն կարելի չէ փրկուիլ: Երկիրը կը ջանայ կամաց կամաց հեռանալ մերժումի եւ ուրացումի մշակոյթէն: Ասիկա պէտք է ըլլայ առանց վրիժառութեան կամ թշնամանքի: Հաշտուինք անցեալին հետ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «այս երկրին մէջ այլեւս ամէն մարդ անպայման թուրք կամ մահմետական պիտի չըլլայ, ամէն մարդ սիւննի պիտի չըլլայ, ամէն մարդ ֆեներպահչեցի պիտի չըլլայ»:

Share this Article
CATEGORIES