Հայաստան Մեծ Շուքով Նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 95-ամեակը
Երեքշաբթի, 28 մայիսին Հայաստանի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը:
Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ հանդիսաւոր զօրահանդէսով մը: Հանրապետութեան տօնին նուիրուած զօրահանդէսին կը մասնակցէր Հայաստանի ղեկավարութիւնը` նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:
Նախագահը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 1918-ին ձեռք բերուած անկախութեան պատմական նշանակութեան, արձանագրուած յաղթանակներուն` յաղթանակի հասնելու համար ընդգծելով միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:
«95 տարի առաջ Ղարաքիլիսայի, Բաշ-Ապարանի եւ մանաւանդ այստեղ` Սարդարապատի մէջ մենք ճակատագրական քննութիւն կը յանձնէինք: Կը յանձնէինք ազգովին` մեծով ու փոքրով, հոգեւորականով եւ զինուորականով, պաշտօնեայով եւ շինականով: Բոլորո՛վ», յայտարարեց նախագահը: «Մենք կարիք ունինք յիշելու եւ յիշեցնելու, երիտասարդ սերունդներուն նաեւ փոխանցելու կարեւոր պատգամներ, զորս մեզի թողած են 28 մայիսը նախապատրաստողները եւ կերտողները: Եղէ՛ք միասնական: Եղէ՛ք պետականօրէն կազմակերպուած: Ապաւինեցէ՛ք սեփական ուժերուն: Այս պարագային մենք ի զօրու ենք ոչ միայն վերականգնել դարերով ընդմիջուած պետականութիւնը եւ անկախութիւնը, այլեւ այդ պետութիւնը տանիլ դէպի լուրջ բարձունքներ»:
Տօնական զօրահանդէսէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ծաղկեպսակներ զետեղեցին Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ, յետոյ ծաղիկներով յուշակոթողին մօտեցան պետական պաշտօնեաները, այնուհետեւ` զինուորականները: Նախագահի մասնակցութեամբ նախաձեռնութիւնը շուրջ կէս ժամնոց զօրահանդէսով սահմանափակուեցաւ:

