Սկովտիոյ Մէջ Ապրիլ 24-ը Պիտի Նշուի Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր

Սկովտիոյ մէջ այսուհետեւ ապրիլ 24-ը պիտի նշուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր:

Սկովտիոյ խորհրդարանը 18 ապրիլին որդեգրած է համապատասխան փաստաթուղթ մը, զոր ստորագրած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը` 64 երեսփոխան:

Փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած է, որ ապրիլ 24-ին Օսմանեան կայսրութեան հրամանով ձերբակալուեցան եւ սպաննուեցան հայ մտաւորականներ, եւ այդ օրը կը նկատուի հայերու դէմ բռնութիւններու եւ կոտորածներու սկիզբ:

Share this Article
CATEGORIES