Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Գործունեայ եւ եռանդուն` պիտի օգնէք եւ մասնակցիք ձեր շուրջը կատարուող աշխատանքներուն, ընտանեկան թէ ընկերային ծրագիրներ յաջողցնելու: Ձեր բարեացակամութիւնը պիտի գնահատուի:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամութիւնը եւ սէրը միախառնուած պիտի ստեղծեն գեղեցիկ օր մը: Ուրախութեամբ պիտի կատարէք ամէն աշխատանք` օգտակար ըլլալով նաեւ ձեր շրջապատին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը նպաստաւոր է իրագործելու այն բոլոր ծրագիրները, որոնց համար ժամանակ տրամադրած էիք` լաւագոյն ձեւով աւարտելու: Ձեր նպատակին պիտի հասնիք, ուրախացէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ժամանակ տրամադրեցէք ընթերցանութեան: Գիրքերը կրնան բուժել հոգեկան ցաւերը: Հեռու մնացէք շատախօսներէ եւ ձեր ժամանակը գողցողներէն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր տնտեսական վիճակը բարելաւող լաւ լուրեր պիտի լսէք: Ձեր կասկածները անհիմն են, հետեւաբար հաւատք ունեցէք ձեր կարողութեան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի արտայայտէք ձեր գաղափարները` ընտանեկան շրջանակի մէջ. ստիպեցէք, որ ուրիշներ եւս արտայայտեն իրենց տեսակէտները նոյն հարցին շուրջ, որպէսզի երկխօսութիւնը յաջող ընթացք ունենայ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրախութեամբ եւ յաջողութեամբ պիտի աւարտէք շաբաթը: Ձեր բոլոր ծրագիրներուն բարւոք լուծումը պիտի քաջալերէ ձեզ` ձեռնարկելու նոր գործառնութեան: Շարունակեցէք նոյն եռանդով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը նպաստաւոր է առանց խանգարումի իրագործելու ձեր որոշած ծրագիրները: Ձեր զգացումներուն աշխարհը պիտի երջանկացնէ ձեզ, եւ ձեր շուրջինները պիտի մնան հաւատարիմ իրենց կատարած խոստումին:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ անձնական հարց մը ունիք ձեր սրտին վերաբերեալ նոր յայտնութիւն իմանալու, օրը պիտի արտայայտէ նորութիւններ այդ ամէնուն մասին: Անկեղծութեամբ մօտեցէք որեւէ հարց լուծելու պարագային:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ հարց մը ունիք ձեր դրացիներուն կամ մօտիկ անձերու հետ, առաջին քայլը դուք առէք` սառոյցը փշրելու: Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր իրաւունքները ոտնակոխ ըլլան: Շրջահայեաց եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Խնայասէր էք, բայց կրնաք երբեմն ազատ զգալ եւ ծախսեր կատարել ըստ պահանջի եւ ըստ յարմարութեան: Այդ օրերէն մէկն է այս օրը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր մարմինը ունի կարիքը` առողջ ըլլալու, իսկ դուք պատրաստ պէտք է ըլլաք կատարելու անհրաժեշտը ձեր առողջութեան եւ ձեր վայելչութեան համար: Ընկերային կեանքի մէջ եղէք բնական եւ ուրախ:

Share this Article
CATEGORIES