50 Տարի Առաջ (31 Մայիս 1963)

ՀՅԴ Պատանեկան Կեանք

 Մայիս 28-ի
Շքեղ
Տօնակատարութիւնը

 125 Պատանիներու Երդման Արարողութիւնը

ՀՅԴ Պատանեկան միութեան Լիբանանի Վարիչ մարմինի կազմակերպած մայիս 28-ի շքեղ տօնակատարութիւնը, նախագահութեամբ Կարօ Սասունիի եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի բոլոր պատանեկան միութեանց, տեղի ունեցաւ կիրակի, 26 մայիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան մէջ:

Եռագոյնով գեղեցկօրէն դրօշազարդուած ընդարձակ սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր խանդավառ պատանիներով:

Պատանեկան միութեան Ընդհ. վարիչ Պետրոս Փելթեքեան, զուտ պատանիներու համար կազմակերպուած այս շքեղ տօնակատարութիւնը բացուած յայտարարելէ ետք, բեմ հրաւիրեց Կարօ Սասունին` նախագահելու տօնակատարութեան:

Կ. Սասունի ծափերու մէջ բեմ գալով` ըսաւ.

«Այսօր հաւաքուած ենք հոս` տօնելու Հայաստանի ազատագրութեան 45-ամեակը:

«Երեք սերունդներ արագօրէն իրարու յաջորդեցին գերագոյն գուպարներու մէջ, գնդակներու արագութեամբ:

«Երբ Դաշնակցութիւնը 28 տարեկան էր, 1918 մայիս 28-ին կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը:

«Ճակատագիրը կը փոխուէր, արի արանց գիտակից հերոսներ, անսահման զոհողութեամբ, ազատութիւն կամ մահ նշանաբանով, հայոց պատմութեան անիւը կը փոխէին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի ազատագրական մեծ ճակատամարտներուն մէջ ու կը նուիրէին հայրենիք մը իր պաշտելի եռագոյնով: Փառքերու գերագոյնը, անանցանելի հպարտանքի մեծագոյնը, հայ մարդու բարձրագոյն արժանապատուութիւնը»:

Երկարատեւ ծափերու արժանացան նախագահին խանդավառիչ խօսքերը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` պատանիներու կողմէ պատրաստուած:

Շնորհալիօրէն երգեցին` Մկրտիչ Իսկէնտէրեան եւ Տիգրան Շմաւոնեան: Արտասանեցին` Կարօ Թուլումճեան, Սարգիս Կիւլպաշեան, Մուշեղ Մարտիկեան եւ Կարօ Թորոսեան:

Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Ե. Խաթանասեան:

Դիւրահասկնալի սահուն լեզուով յարգելի բանախօսը վերլուծեց մայիս 28-ի իմաստը:

«Իրողութիւն է, որ 1918 մայիս 28-ին հայ ժողովուրդը վիթխարի մեծ ուժի մը դէմ յաղթանակ տարաւ: Ինչպէ՞ս կարելի եղաւ սակայն:

«Մինակ մնացեր էր հայ ժողովուրդը: Վրացիներ լքած էին, ազրպէյճանցիներ` թշնամացած: Սպառնալիքի տակ էր Հայաստան: Ստեղծուած էր ահաւոր վիճակ, յուսալքում եւ յուսահատական մթնոլորտ:

«Յանկարծ հնչեղ ձայն մը զէնքի հրաւիրեց հայ ժողովուրդը: Այդ ձայնը ՀՅ դաշնակցութեան ձայնն էր: Անոր ոգիով ու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան ահռելի կռիւները:

«Մայիս 28-ը` ամէնէն շքեղ առասպելն է, իրական, աւելի իրական, քան` իրականութիւնը: Հաւատքով կռուեցաւ հայ ժողովուրդը: Իւրաքանչիւր կռուողի մէջ հայութիւնը կար:

«Հայ ժողովուրդը ոչ միայն պարտադրեց իր կամքը` յաղթելով թշնամիին, այլ նաեւ ինքը` զգաց, թէ ապրելու արժանի ազգ մըն է:

«Հայութիւնը 25 դարէ ի վեր կ՛ապրի: Հսկայական կայսրութիւններ փոշիացած են, որովհետեւ անոնք հիմնուած էին ուժի վրայ: Մինչդեռ հայութիւնը հիմնուած է ստեղծագործութեան վրայ: Այս է իր ամէնէն ուժեղ յատկանիշը: Ահա թէ ինչո՛ւ պիտի ապրի հայ ժողովուրդը:

«Սիրելի՛ պատանիներ, սիրեցէք հայ ժողովուրդը: Հայ ազգին համար նուիրուեցէք եւ հայ ազգին համար գործեցէք: Այս ճամբով միայն կարելի է վերականգնել Հայաստանի ամբողջական անկախութիւնը»:

Երկարատեւ ծափերու արժանացաւ բանախօսը իր խօսքի աւարտին:

Այնուհետեւ, 125 պատանիներ բեմ եկան երդում կատարելու, ազատ ու անկախ Հայաստանի գաղափարականութեան դրօշակիր, ՀՅ դաշնակցութեան պատանեկան շարքերուն մէջ գաղափարապաշտ դաստիարակութիւն ստանալու հաստատ որոշումով:

Տպաւորիչ էր տեսարանը: Իր ջիղերուն եւ հոգիին մէջ կենսունակութիւն զգացող, զարգացած ու ընդունակ ժողովուրդի մը զաւակներ, 125 պատանիներ, աջ ձեռքերնին բարձրացուցած եւ կնքահայր Կ. Սասունիի արտասանած երդման իւրաքանչիւր բառը խմբովին կրկնելով` անկախութեան սրբազան գաղափարին ծառայելու նուիրուեցան իրենց պատանի տարիքէն:

Կ. Սասունի խօսքը ուղղելով երդուեալ պատանիներուն` ըսաւ. «Բարոյական պարտականութիւն է ծառայել ազգին եւ հայրենիքին: Եռագոյնը ձեր սրտին մէջ, եթէ պէտք ըլլայ, պիտի տաք նաեւ ձեր կեանքը հայրենիքին համար»:

Պետրոս Փելթեքեան բոլոր պատանիներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին, բանախօսին եւ ներկայ եղող ընկերներուն:

«Մենք անկեղծ զինուոր ենք» խանդավառ խմբերգով վերջ գտաւ այս շքեղ տօնակատարութիւնը:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Մարզական

ՀՄԸՄ 7 Անգամ Լիբանանի Ախոյեան

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ֆութպոլի խումբը այս տարի եւս տիրացաւ Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսին: Այսպիսով, հայկական մեծագոյն մարզական միութեան խումբը Լիբանանի ախոյեանութեան պատուոյ ցանկին վրայ 7 անգամ արձանագրած եղաւ իր անունը:

Միւս խումբերը կու գան հետեւեալ շարքով. Ռընեսանս` 5 անգամ, ՀՄՄ 4, Էյուպի` 3, Տէաշփէ` 3, Ռասինկ` 1:

Այս առթիւ, «Լ՛Օրիան» կը գրէ.

«ՀՄԸՄ իր այս նախանձելի դիրքը անշուշտ պատահմունքի չի պարտիր, այլ` այն սքանչելի պատրաստութեան եւ լուրջ աշխատանքին, որուն կը ձեռնարկեն անոր ղեկավարները մարզական բոլոր երեւոյթներու առթիւ»:

Ստորեւ կու տանք ախոյեաններու ցանկը, 1933-1934-էն սկսեալ:

1933-1934 Ռընեսանս 48-49 Ռընեսանս
1934-1935 Էյուպի 49-50
1935-1936 Տէաշփէ 50-51 ՀՄԸՄ
1936-1937 Էյուպի 51-52
1937-1938 Էյուպի 53-53
1938-1939 Տէաշփէ 53-54 ՀՄՄ
1939-1940 54-55 ՀՄԸՄ
1940-1941 Տէաշփէ 55-56 Ռասինկ
1941-1942 Ռընեսանս 56-57 ՀՄՄ
1942-1943 Ռընեսանս 57-58
1943-1944 ՀՄԸՄ 58-59
1944-1945 ՀՄՄ 59-60 ՀՄԸՄ
1945-1946 ՀՄԸՄ 60-61 ՀՄՄ
1946-1947 Ռընեսանս 61-62
1947-1948 ՀՄԸՄ 62-63 ՀՄԸՄ

Բաց ձգուած տարիներու ընթացքին, ախոյեանական մրցումներ տեղի չունեցան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES