«Ճանչցի՛ր Երեւանը» Խորագիրով Հեծելարշաւի Մրցումին Յաղթեցին Վանաձորցիները
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ճանչցի՛ր Երեւանը» խորագիրը կրող հեծելարշաւի մրցումին յաղթական հռչակուեցաւ Վանաձորը ներկայացնող «Վանաձորը` համահայկական երիտասարդական մայրաքաղաք» խումբը: Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը կը յայտարարէ, որ 2-րդ դիրքը գրաւեց «3+2» խումբը, իսկ 3-րդ դիրքը` «Ամպա»-ն:
Խումբերու նախագահներու անհատական մրցումին եւս յաղթական հռչակուած է Վանաձորի խումբի խմբապետ Սերկէյ Պետրոսեան:
Յաղթական խումբերուն պարգեւատրումը կատարուած է «Փլէյ Սիթի» ժամանցի կեդրոնին մէջ:
Յաղթող երեք խումբերուն բոլոր անդամները Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին կողմէ արժանացած են Ծաղկաձորի մէջ հանգիստի շրջան մը անցընելու նուէրին, իսկ Սերկէյ Պետրոսեան «ՀԱՅԱՍԱ» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ ստացած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ հանգստանալու իրաւունք:
Նշենք, որ «Ճանչցիր Երեւանը» խորագիրով հեծելարշաւի այս մրցումը կազմակերպեցին Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը, «ՀԱՅԱՍԱ» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը, գործակցաբար` «Հեծանիւ +» հասարակական կազմակերպութեան:
Մարզական այս ձեռնարկին մասնակցեցան աւելի քան 300 երկսեռ երիտասարդներ:

