Ընթրիքի Յատուկ Երեկոյով Մը. Թատամոն Զուք Պատուեց Տղոց Պասքեթպոլի Իր Խումբը

PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտին Ա. դասակարգ բարձրացած Թատամոն Զուք ակումբը, ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Պանտար» ճաշարանին մէջ (Զուք Մոսպեհ), պատուեց իր տղոց խումբը:

Այս հանդիսութեան ներկայ էին նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի եւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ, Քեսրուանի եւ Զուք Մոսպեհի քաղաքապետ Նուհատ Նաուֆալ, երկրաչափներ Ուիսամ Պարուտի, Անթուան Ազուր, Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժան Թապեթ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, Թատամոն Զուքի պատուոյ նախագահ Էլի Պաայնօ, ակումբներու ներկայացուցիչներ, Թատամոն Զուքի տղոց խումբը եւ մարզական լրագրողներ:

Թատամոնի նախագահ Ռըզքալլա Խալիլ, ինչպէս նաեւ Պարուտի իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ դրուատիքով արտայայտուեցան խումբին մարզիկներուն մասին` ըսելով, որ անոնց թափած ճիգերուն շնորհիւ խումբը տասը տարուան բացակայութենէ մը ետք վերադարձաւ այն տեղը, որուն կը պատկանի անիկա` Ա. դասակարգ:

Անոնք շեշտեցին այլ կարեւոր կէտ մը, որ քեսրուանեան տարբեր տեսակի մարզական խումբեր մօտիկ ապագային իրենց գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանեան մարզաշխարհի իրադարձութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES