ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ. ԾԱՐԱՒ Ե՜Մ…
Ծարաւ ե՜մ…
Հայ աւանդական երգերու ծարաւը ունիմ: Ինչպէ՞ս պիտի յագեցնեմ այս ծարաւս: Ո՞վ կրնայ յագեցնել: Ե՞րբ կրնամ յագեցնել…
Օտար ափերու վրայ կ՛ապրինք հայօրէն եւ հետամուտ ենք այդպէս շարունակելու, որպէսզի չկորսուինք: Եւ որպէսզի մնանք մեր ազգային ինքնութեան վրայ, մշակոյթը միշտ կու գայ մեր ազգային ջիղը կազդուրելու: Մշակոյթը կրթութեան լաւագոյն միջոցներէն է, որուն վրայ հայ գաղութը իր շեշտը կը դնէ: Սակայն երբ մշակոյթը չքանայ, ո՞վ մեզ պիտի կազդուրէ…
Մեծապէս գնահատելի են անոնք, որոնք մեծ հպարտանքով ու հաճոյքով կը նուիրուին մեր աւանդական հին երգերուն եւ կը բաժնեկցին ժողովուրդին հետ: Սակայն որքանո՞վ կը գնահատուին անոնք… Ժամանակ մը զանոնք բեմին վրայ կը տեսնենք, ապա «կը համբառնան»: Ինչո՞ւ: Կարելի է հետեւցնել, թէ կա՛մ եկամուտ չեն ստանար այդ աշխատանքէն, կա՛մ ալ զիրենք քաջալերողներ չեն գտներ:
Ներկայիս մեր գաղութը ճոխ է իր յայտագիրներով: Յաճախակի կերպով երգիչներ, խումբեր կու գան Հայաստանէն: Բայց նկատած ե՞ն մարդիկ, թէ իրենց հարստութիւնները ճամբան ձգած` կը վազեն յառաջ: Բնաւ թերթատած ե՞ն մեր երգարանները, ուր որքա՜ն երգեր կան չերգուած: Իսկ եթէ չերգուին, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը: Ապագային` իբրեւ թանգարանի հարստութի՞ւն ցոյց պիտի տանք օտարներուն: Եթէ հիմա չերգուին, ապագային պիտի գտնե՞նք մէկը, որ գէթ լսած ըլլայ զանոնք: Մեր մանուկներուն ի՞նչ պիտի սորվեցնենք իբրեւ մեր ազգային մշակոյթ: Ներկայ հայաստանեան երգե՞րը, որոնց մէջ մեր ազգային զուտ մշակոյթը չէ պահպանուած: Իսկ եթէ պիտի սորվեցնեն, ուրկէ՞ պիտի գտնեն այդ ազգային ու ժողովրդական երգերը, որոնք մեր անցեալի տիպար հայուն նկարագիրն ու բարքերը կը ցոլացնեն: Իսկ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք, որոնք ներկայիս կ՛ուզեն գտնել, պրպտել ու սորվիլ. ո՞վ պիտի գոհացնէ այս անսանձելի ձգտումը…
Եթէ ուզենք օրինակ բերել չներկայացուած երգերէն կրնանք յիշել` «Արազն Եկաւ» Յ. Յովհաննիսեանի հեղինակութեամբ(1), «Արօրի երգը»(2) , «Ո՞ւր ես դու» խօսք` Յ. Շիրազի եւ երաժշտութիւն` Ա. Մանդակունեանի(3), «Իմ Անուշ Տաւիղ» խօսք` Վ. Յարութիւնեանի, երաժշտութիւն` Խ. Աւետիսեանի(4) եւ այլ բազմաթիւ երգեր: Հաւանաբար նշեալ օրինակներէն ոմանք կամ թերեւս բոլորը երգուած ըլլան, բայց գէթ իմ անմիջական շրջանակիս մէջ, հայ երաժշտութեան հասանելիութեան իմ սահմաններուն ծիրին մէջ եւ իմ շրջապատիս կը մնան անծանօթ:
Ինչո՞ւ լուսանցքէ հեռու կը պահուին անոնք, որոնք կ՛երգեն, հին երգերով ու մատչելի ներկայացումով նորութիւն կը բերեն մեր գաղութին մէջ: Ինչո՞ւ չեն քաջալերուիր կամ յատուկ աշխատանքներ չեն տարուիր այդ հին երգերը պահպանելու: Ապագային, երբ մոռցուին այդ գանձերը, ովքե՞ր պիտի նկատուին փճացման պատասխանատուները:
Շատ լուրջ հարց է: Պարզի կարելի չէ առնել: Մեր հնամեայ հարստութիւնները, որոնք մեզի աւանդուեցան, շատ հարազատ յօրինումներ են: Անոնք շատ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնեն, քան` ներկայ կարգ մը ստեղծագործութիւնները: Անոնք մեզի յանձնուեցան ոչ թէ մոռացութեան ամպին տակ ձգելու, այլ` հարստանալու, մենք մեզ հպարտ զգալու, զօրանալու եւ մեր յաջորդներուն յանձնելու: Այնպէս մը կ՛ընդօրինակենք օտարին մշակոյթը, որ կարծէք մենք չունինք մշակոյթ կամ ձիրքեր եւ աղքատ ենք: Հասկնալի է, որ ներկայ երիտասարդութեան հասնելու ձեւ մը կ՛որդեգրենք, բայց եւ այնպէս կարելի է նոր մը ստեղծել, մատչելի ներկայացումով մը հինը տրամադրել երիտասարդին:
Նահանջ մը սկսած է: Սակայն կարելի է դարմանել, քանի տակաւին ուշ չէ: Արդ, առիթը պէտք է օգտագործուի` լրջօրէն մօտենալով եւ գործի անցնելով: Ապա թէ ոչ կը կորսնցնենք մեծ արժէքները:
Յիշեցէ՛ք: Ծարաւ ե՜մ…
ԱՅՐՈՒՁԻ
1.- «Երգարան, խմբագրութեամբ Պ. Միքայէլեան, էջ 67:
2.- Նոյնը` էջ 68
3.- Նոյնը` էջ 318
4.- Նոյնը` էջ 319