Բաց Նամակ Առ Որ Անկ Է ….
Քաղաքիս մէջ շշուկներ կը տարածուին այն մասին, թէ «ՓԹԻԹ» մանկապատանեկան հանդէսը պիտի դադրի լոյս տեսնելէ տասներորդ թիւէն սկսեալ:
Հայ մամուլը տեղւոյն վրայ, առանց բացառութեան, ուրախութեամբ դիմաւորեց «ՓԹԻԹ»-ին լոյս ընծայումը:
Նոյնպէս, հեռաւոր գաղութներու հայ մամուլը լայնօրէն արձագանգեց` գովեստի խօսքեր շռայլելով Աբրահամեան ամոլին, որոնք տէր եւ տիկին համարձակեցան մանկապատանեկան այս գունատիպ հանդէսը հրատարակել:
Բայց ծափերը որքան ալ ըլլան ջերմ ու սրտալի, այդ ածականներով մամուլ լոյս աշխարհ կու գա՞յ:
Չէ՞ որ «ՓԹԻԹ»-ը, որպէս ծաղկափթիթ մանկապատանեկան օրկան, մեր մանուկներուն ու պատանիներուն համար է:
Միթէ ծնողներ չե՞ն սիրեր իրենց զաւակները:
Կամ մի՞թէ մեր այս գաղութը ի վիճակի չէ թերթ մը պահել: Մանկապատանեկան թերթ մը պահելու ուժը չունի՞:
Վստահ եմ` ունի:
Այո՜, ճիշդ է որ երկրին մէջ նիւթական պայմանները նախկին առատութիւնը չունին:
Բայց որքան ճիշդ է «ՓԹԻԹ»-ը թողլքել երկու հոգիի քսակին:
Նման շշուկներու առիթով մեր մամուլը պարտի ահազանգ հնչեցնել, որպէսզի մեր մանուկներն ու պատանիները օգտուին այս օգտաշատ պարբերականէն: Նոյնիսկ երբեմն ծնողները միանան իրենց զաւակներուն եւ դժուարին հարցերը լուծեն միասնաբա՜ր, իրենց զաւակներուն հետ:
Այս գաղութը եղած է առաջատար: Պէտք է, անհրաժեշտ է, որ պահէ իր առաջատարի դերը:
Այնքան դպրոցներ ունինք, մանկապարտէզներ, առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ աւելի դասարանցիներ:
Ընենք այնպէս, որ «ՓԹԻԹ»-ը շարունակուի:
Մեր մանուկներէն, պատանիներէն եկող պահանջ մըն է այս կոչը:
Աւելցնե՜լ «ՓԹԻԹ»-ի բաժանորդներուն թիւը: Պահանջուածը ա՜յս է:
Ու հիմա կը սպասենք արդիւնքին:
Թող տէր եւ տիկին Աբրահամեանները գօտեպնդուին եւ միշտ մնան պատնէշի վրայ:
Անոնք պատնէշէն ինկող չեն, պայմանաւ որ մենք իրենց զօրավիգ կանգնինք: Չէ՞ որ միութիւնը զօրութիւն է:
Հայ ծնողներ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, կոչ կ՛ընեմ ձեզի` միանալու այս անհրաժեշտ խնդրանքիս:
Ողջ լերուք հայ լեզուն պահպանելու ճամբուն վրայ:
Ընթերցասիրութիւնը մանկապարտէզէն կը սկսի:
Միլիոնին առաջին թիւը մէկն է:
Շնորհակալութիւն:
Գրեց` ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

