Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ղպտի Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչ Մետրոպոլիտ Պիշոն

Շաբաթ, 25 մայիս 2013-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ղպտի եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու մետրոպոլիտ Պիշոն, որ նախ եւ առաջ ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց վեհափառ հայրապետին, ապա պարզեց Եգիպտոսի ներքին կացութիւնը, եւ յատկապէս ղպտի եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները: Մետրոպոլիտ Պիշոյ նաեւ յայտնեց, որ յառաջիկայ նոյեմբերին Թէոդորոս պատրիարքը պիտի այցելէ Անթիլիաս, ուր նաեւ տեղի պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի հայ, ասորի եւ ղպտի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու յանձնախումբին հերթական հանդիպումը:

Վեհափառ հայրապետը իր կարգին շեշտեց Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակին դիմաց քրիստոնէական ներքին միութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը: Ան միաժամանակ ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, հակառակ մեզ շրջապատող զգայնութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES