Անթիլիասի Մայրավանքէն Եկեղեցական Երաժշտութեան Նոր Խտասալիկ Մը Լոյս Տեսաւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի աշխատանքները տարբեր մարզեր կը ներգրաւեն: Այդ մարզերէն մէկն է մեր եկեղեցւոյ դարաւոր գանձերն ու հոգեւոր-երաժշտական հարստութիւնները հրամցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Առ այդ, 29 մայիս 2013-ի երեկոյեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն եւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի ղեկավար Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, «Շնորհալի» երգչախումբի մենակատար Շողիկ Թորոսեան եւ երգեհոնահար Յասմիկ Գասպարեան, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Մեղեդիներ, տաղեր եւ գանձեր» խտասալիկը յանձնեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` ստանալով անոր օրհնութիւնն ու քաջալերանքի խօսքը:

Սոյն խտասալիկը իր մէջ կը պարունակէ հայ եկեղեցւոյ մեղեդիներէն, տաղերէն ու գանձերէն խնկաբոյր փունջ մը, զոր մենակատարը իր մեղանուշ ձայնով ու անձնադրոշմ գրաւչութեամբ ներկայացուցած է ունկնդիրներուն:

Երգեցողութիւնը կատարուած է լիբանանահայ սոփրանօ եւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի մենակատար Շողիկ Թորոսեանի կողմէ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի:

Անոնք, որոնք կը փափաքին ունենալ սոյն խտասալիկէն, կրնան դիմել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գրատուն, Անթիլիաս: Փափաքելի է, որ դպիրները, սարկաւագները եւ դպրաց դասերու անդամները ունենան այս խտասալիկէն, որպէսզի երգեցողութիւնը կարենան ճիշդ կերպով կատարել իրենց ծառայած եկեղեցիներուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES