Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Մարզանքի Դրական Ազդեցութիւնը Առողջութեան Վրայ» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 29 մայիս 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարզանքի դրական ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մարձումի մասնագէտ Ռազմիկ Պէօճեքեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ նստակեաց կեանքն ու ինքնաշարժի գործածութիւնը արգելք կ՛ըլլան աշխուժ առօրեային: Մարզանքը լաւագոյն բուժամիջոցն է ֆիզիքական առողջապահական հարցերու եւ հոգեկան տրամադրութեան` անշուշտ դեղամիջոցներու հետ զուգահեռ:
Ռազմիկ Պէօճեքեան դասախօսութեան սկսաւ շեշտելով մարզանքին ու ընդհանրապէս աշխուժ եւ շարժուն կենսաձեւի կարեւորութիւնը: Ֆիզիքական աշխատանքի եւ մարզանքի նուազումի կամ չգոյութեան պարագային հետեւանքը կ՛ըլլայ.
1.- Սրտանօթային հիւանդութիւններ
2.- Քաղցկեղ
3.- Կռնակի հիւանդութիւններ
4.- Գիրութիւն
5.- Շաքարախտ
6.- Ոսկրափտութիւն
7.- Մտային հոգեկան հիւանդութիւններ
Իսկ ֆիզիքական աշխատանքին եւ մարզանքին առաւելութիւնները կ՛ըլլան.
1.- Ֆիզիքական կառոյցի համապատասխան կշիռ
2.- Նուազ սրտանօթային հիւանդութիւններ
3.- Նուազ շաքարախտի կարելիութիւն
4.- Նուազ քաղցկեղի կարելիութիւն
5.- Հաստատուն եւ աշխուժ ոսկրամկանային համակարգ
6.- Բարելաւուած մտային եւ հոգեկան տրամադրութիւն
7.- Երկարակեցութեան բարձր համեմատութիւն
Դասախօսը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս մարզանքը կրնայ նուազեցնել քաղցկեղի հաւանականութիւնը` համակարգելով հորմոնային աշխատանքը, բարձրացնելով մարմնի դիմադրողականութիւնը եւ նուազեցնելով մարմնի իւղերու կուտակումը:
Ռազմիկ Պէօճեքեան նշեց, թէ համեմատութիւնը բաւական բարձր է, մօտաւորապէս 80 առ հարիւր, այն անձերուն, որոնք կը տառապին կռնակի ցաւերէ, բայց մարզանքը կը բարելաւէ ճկունութիւնը յօդերու եւ կապաններու, ինչպէս նաեւ կը զօրացնէ ոսկրամկանային համակարգը: Գլխաւոր պատճառներէն մէկը ոսկրափտութեան մարզանքի չգոյութիւնը եւ ֆիզիքական անշարժ վիճակն են:
Մարզանքը, ֆիզիքական աշխատանքը ունին նաեւ կարեւոր բաժին` բարձրացնելու հոգեկան տրամադրութիւնը, նուազեցնելով ընկճուածութիւնը, ջղային վիճակը, բարելաւելով քունը, նշեց Ռազմիկ Պէօճեքեան:
Դասախօսը բացատրեց մարզանքի, ֆիզիքական աշխատանքի եւ ծերանալու ընթացքի միջեւ կապը: Ան նշեց, որ մարզանքը կը դանդաղեցնէ ծերութեան ընթացքը:
Յաջորդ բաժինով Պէօճեքեան խօսեցաւ այն մասին, թէ ի՞նչ հերթականութեամբ, յաճախականութեամբ եւ տարողութեամբ պէտք է մարզանք ընել: Նուազագոյնը 30 վայրկեան օրական, շաբաթը 5 անգամ պէտք է մարզանք ընել: Փոքրերը կամ երիտասարդները պէտք է նուազագոյնը 60 վայրկեան մարզանք ընեն: Իսկ տարեցներու պարագային պէտք է զգուշութեամբ ճշդել ժամանակը, հերթականութիւնը, մարզանքի տեսակը եւ տարողութիւնը:
Դասախօսը շարունակելով նշեց նաեւ մարմնի տարբեր ցաւերուն կարելիութիւնը, որոնք յաճախ դեղերով կը փորձեն ամոքել, բայց երբ անհատը կը հետեւի հերթական մարզանքներու, ապա մասնագէտի օգնութեամբ կարելի կ՛ըլլայ ցաւերը նուազագոյնի հասցնել:
Ե՞րբ կարելի չէ մարզանք ընել.
1.- Երբ մարմնի ջերմաստիճանը 38.3o-էն բարձր է
2.- Երբ յայտնաբերուած է նոր հիւանդութիւն մը
3.- Ոչ ախտաւորուած հիւանդութեան մը պարագային
4.- Ցաւի պարագային
5.- Երբ առկայ է բարձր գերճնշումը
6.- Ոչ հաւասարակշռուած շաքարի քանակ
Ի՞նչ պայմաններու ներքեւ պէտք է դիմել բժիշկի` մարզանքի ընթացքին.
1.- Կրծքացաւի, վիզի եւ կզակի ցաւերու
2.- Գերյոգնածութեան պարագային
3.- Անբնական շնչահեղձութեան պարագային
4.- Գլխապտոյտի
5.- Շատ արագ ու աններդաշնակ սրտի զարկերու պարագային, մարզանքի ընթացքին եւ աւարտին:
Աւարտին Ռազմիկ Պէօճեքեան շատ գործնական բացատրութիւններով եւ օրինակներով բացատրեց ներկաներուն ինչպէս մարզանք ընել` նուազեցնելու կռնակի եւ վիզի ցաւերը:

