Յակոբ Միքայէլեան Ազատ Արձակուեցաւ

25 մայիսին ազատ արձակուած է հալէպահայ գրող, դերասան եւ հասարակական գործիչ Յակոբ Միքայէլեանը, որ 20 մայիսին առեւանգուած էր Հալէպէն փոխադրակառքով Պէյրութ ուղեւորուելու ճամբուն վրայ:

Այս մասին կը տեղեկացնէ գրողին դուստրը` Նուշիկ Միքայէլեան, որ համացանցին վրայ գրած է. «Հայրս արդէն ազատութեան մէջ է: Կ՛ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել մեր բոլոր-բոլոր ընկերներուն, բարեկամներուն, ծանօթներուն եւ անծանօթներուն, որոնք իսկապէս իրենց աղօթքով, սիրով, հոգատար վերաբերմունքով ու մարդկային բարձր որակով մեզի նեցուկ կանգնեցան այս բարդ եւ դժուարին օրերուն: Մանրամասնութիւնները արդէն էական չեն, կարեւորը այն է, որ ողջ ու առողջ է: Շնորհակալութիւն»:

Share this Article
CATEGORIES