Լիբանանի «Քոնկ Ֆու Ուու Շու»-ի Ակումբներու Լիբանանի Թաու Լուի 2012-2013 Տարեշրջանի Ախոյեանութեան` Այնճարի Սեւ Գօտիներու Միութեան Մարզիկները Հանդիսացան Առաջին
Լիբանանի Քոնկ ֆու ուու շուի ֆետերասիոնի կազմակերպութեամբ, տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած Լիբանանի թաու լուի ախոյեանութեան մրցաշարքին վերջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ կիրակի, 26 մայիս 2013-ին, Այնճարի «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանեան ակումբներու մեծաթիւ մարզիկներուն:
Սոյն մրցաշարքին ներկայ էին ֆետերասիոնի փոխնախագահներ Ժաք Տաղլեան եւ Նաում Սաատէ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ միութեանց ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ ծնողներ:
Լիբանանի քայլերգով մրցաշարքի բացումը կատարուեցաւ, ապա իրաւարարներու ջանքերով մարզիկները հերթաբար կատարեցին իրենց վստահուած մարզաձեւերը` հսկողութեամբ աշխարհի Թայ Չիի ախոյեան Աւօ Սերոբեանի: Մրցաշարքը անցաւ շատ ջերմ եւ մարզական մթնոլորտի մէջ:
Այնճարի Սեւ գօտիներու միութիւնը ներկայացնող խումբը կը բաղկանար հետեւեալ մարզիկներէն.
Սօսէ Գազանճեան, Ռանուա Պրպերի, Ալեքս Ատաճեան, Մինաս Զաքարեան, Արի Մեսրոպ Թոփալեան, Պարոյր Ղուկասեան, Սէրուժ Հագիսեան, Փոլ Տեմիրճեան եւ Վասակ Տումանեան:
Ստորեւ` վերջնական դասաւորումը.
1.- Այնճարի Սեւ գօտիներու միութիւն` 16 ոսկի, 6 արծաթ եւ 3 պրոնզ (151 կէտ):
2.- ՀՍԳՄ` 14 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ (119 կէտ):
3.- Պել Հորիզոն 10 ոսկի, 5 արծաթ եւ 1 պրոնզ (98 կէտ):
Աւօ Սերոբեանի ակումբը` «Փաթլեսնես», պետական ճանաչում չունենալուն պատճառով, յատուկ կարգադրութեամբ մարզիկներ Աւօ Մանճեան, Յակոբ Գայապալեան, Փաթիլ Եագուպեան, Միշել Ֆատուլ, Հիամ Ժարուր եւ Անապելլա Շատարեւեան իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն մրցաշարքին` Այնճարի Սեւ գօտիներու միութեան անունով:

