Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Սառեցուց Ախոյեանութեան Բոլոր Մրցումները

PROFOTO

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա յայտարարեց, որ կը սառեցնէ ախոյեանութեան բոլոր մրցումները` նկատի ունենալով, որ քաղաքական կողմեր միջամուխ կ՛ըլլան մարզական աշխարհին, այս պարագային` պասքեթպոլի մրցումներուն:

Ամշիթ, որ Շանվիլի դէմ դաշտ չներկայանալուն պատճառով 20-0 պարտուած հռչակուեցաւ, դիմեց դատարան` նկատի ունենալով, որ ճնշումի ենթարկուած էր:

Ապու Ապտալլա նշեց, որ եթէ նոյն այս ընթացքը շարունակուի, հարցը կրնայ հասնիլ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին եւ Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնին, ինչ որ պատճառ կրնայ դառնալ, որ Լիբանան միջազգային գետնի վրայ կախակայուի եւ անկէ տուժեն ազգային խումբերը:

 

Share this Article
CATEGORIES