Սուրիա «Էս-300» Հրթիռներու Առաջին Մասը Ստացած Է. «Զինուորական Հաւասարակշռութիւնը Ամբողջովին Ի Նպաստ Սուրիական Բանակին Շրջուեցաւ» Ըսաւ Ասատ

Նախագահ Ասատ` «Մանար»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ երեկոյեան լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանակը գետնի վրայ զինեալներուն դէմ ճակատումին մէջ մեծ ձեռքբերումներ իրագործեց` աւելցնելով, որ «զինուորական հաւասարակշռութիւնը ամբողջովին ի նպաստ բանակին շրջուեցաւ»:

Ասատ յայտնեց, որ «Սուրիա եւ Հըզպալլա նոյն առանցքին մաս կը կազմեն»` աւելցնելով, որ «Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջանին մէջ կուսակցութեան մարտական խումբեր կան, սակայն սուրիական բանակն է, որ զինեալ խմբաւորումներուն դէմ կը կռուի եւ մարտերը կը կառավարէ, եւ այս ճակատամարտը պիտի շարունակուի, մինչեւ ահաբեկիչներուն վերջ տրուի»:

Ան դատապարտելով Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի յայտնեց, որ «Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար կ՛աջակցին եւ կը ֆինանսաւորեն զինեալ խմբաւորումները: Այդ պետութիւններուն աջակցութեամբ Սուրիա ներթափանցած են շուրջ հարիւր հազար արաբ եւ այլ օտարերկրացի զինեալներ», ըսաւ Ասատ:

Ասատ վերահաստատեց «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցելու Սուրիոյ սկզբունքային որոշումը` քննադատելով ընդդիմութեան արտասահմանի մէջ գտնուող ղեկավարները, սակայն նշեց, որ խորհրդաժողովէն կարեւոր արդիւնքներ չի սպասեր:

Ան նշեց, որ «Ժընեւ 2»-ին մասնակցութեան գծով սուրիական կառավարութեան միակ նախապայմանը այն է, որ խորհրդաժողովին ընթացքին գոյացած որեւէ համաձայնութեան շուրջ Սուրիոյ մէջ հանրաքուէ կատարուի, իսկ նախագահի պաշտօնին իր թեկնածութեան հարցը սուրիացի ժողովուրդը կը ճշդէ:

Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի, Ասատ ընդգծեց, որ «սուրիական բանակը անմիջապէս պիտի հակադարձէ սուրիական հողերուն դէմ իսրայէլեան որեւէ նոր յարձակումի»` աւելցնելով, որ «սուրիական կառավարութիւնը արգելք պիտի չհանդիսանայ սուրիական որեւէ խմբաւորման, որ կ՛ուզէ Կոլանի ազատագրման համար դիմադրութեան պատերազմ մղել»: Ան մատնանշեց, որ «Սուրիա ռուսական «Էս-300» հակաօդային հրթիռներու առաջին մասը ստացած է», իսկ «մնացեալ բաժինը մօտ օրէն պիտի հասնի»:

Խօսելով Արաբական լիկային մասին Ասատ յայտնեց, որ արաբական երկիրներու յայտարարութեանց մէջ փոփոխութիւն կը նշմարուի, սակայն ոչ` վարմունքին մէջ` աւելցնելով, որ իրենք Արաբական լիկային որեւէ յոյս չեն կապեր:

Սուրիոյ նախագահը քննադատեց Լիբանանի կառավարութիւնը` յայտնելով, որ Սուրիոյ տագնապը լիբանանցի ժողովուրդին վրայ կ՛ազդէ, եւ երբ կառավարութիւնը ինքզինք այդ տագնապէն զանց կը կացուցէ, իսկութեան մէջ ինքզինք ժողովուրդէն զանց կացուցած կ՛ըլլայ: Ան նշեց, որ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակները ցոյց տուին, որ Լիբանանի ուժը իր ուժին մէջ է եւ ոչ թէ տկարութեան, ինչպէս կը պնդուէր:

Ասատ հարցազրոյցը եզրափակեց ըսելով, որ արձանագրուելիք յաղթանակէն մեծապէս վստահ է` աւելցնելով, որ Սուրիա պիտի շարունակէ աւելի քան երբեք Դիմադրութեան աջակցիլ:

Շալոմ. «Իսրայէլ Սուրիոյ Հետ
Զինուորական
Մագլցում Չ՛ուզեր»

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Սիլվամ Շալոմ յայտարարեց, որ «Իսրայէլ Սուրիոյ հետ զինուորական մագլցում չ՛ուզեր ունենալ, սակայն ռազմավարական զէնքերու մասնաւորաբար Հըզպալլային փոխանցումը պիտի չարտօնէ»:

Ան իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «մագլցում պատճառելը բացառուած է, եւ Սուրիոյ հետ ճակատին վրայ լարուածութիւն յառաջացնելու պատճառ չկայ, ատիկա մեր նպատակը չէր եւ պիտի չըլլայ»:

Պատասխանելով Սուրիոյ «Էս-300» հակաօդային հրթիռներու յանձնման վերաբերեալ հարցումի մը` Շալոմ ըսաւ, որ «Սուրիա տարիներէ ի վեր ռազմավարական զէնքեր ունի եւ հարց կը յառաջանայ, երբ այդ զէնքերը այլ կողմի մը ձեռքը կ՛անցնի եւ մեզի դէմ կ՛օգտագործուի»` վստահեցնելով, որ «այդ պարագային գործի պիտի լծուինք»:

Լաւրով. «Սուրիական Ընդդիմութեան
Նախապայմանները
Անիրականանալի Են»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը չ՛ուզեր քաղաքական հոլովոյթին ձեռնարկել եւ ըստ երեւոյթին կը ջանայ տագնապին լուծման արտաքին միջամտութիւն ապահովել»:

«Ազգային համաձայնական մարմինը երկխօսութեան սկսելու համար Ասատի հեռացումը պայման կը դնէ, սակայն այդ պայմանը անիրատեսական է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ամերիկացիներն ու եւրոպացիները ատոր կը գիտակցին»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յոյս յայտնեց, որ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու «իմաստուն ուժերը» ճնշում պիտի բանեցնեն Ազգային համաձայնական մարմինին վրայ, զոր ոմանք սուրիացի ժողովուրդի «միակ օրինական ներկայացուցիչը» կը նկատեն:

Սապրա. «Ազգային Համաձայնական Մարմինը
Իրանի
Եւ Հըզպալլայի Սուրիա Ներխուժման
Լոյսին Տակ Որեւէ Խորհրդաժողովի Պիտի Չմասնակցի»

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի փոխանցման նախագահ Ժորժ Սապրա Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած մարմինի ժողովին ծիրին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «միջազգային ընտանիքը պէտք է Քուսէյրի նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ» եւ կոչ ուղղեց` «Քուսէյրի եւ Արեւելեան Ղութայի պաշարումը քակելու»: «Անընդունելի է, որ մարդիկ այսպիսի բարբարոսական կերպով սպաննուին միջազգային ամօթալի եւ կասկածելի լռութեան պայմաններու մէջ»:

Սապրա իր խօսքը Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ուղղելով յայտնեց, որ «լիբանանեան կուսակցութիւն մը կը մասնակցի այս ոճիրներուն, որոնք պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ոճիրի մակարդակի են, սուրիացիները խիստ կերպով պիտի հակազդեն զիրենք սպաննողներուն, եւ սուրիացիներուն արիւնը այս աստիճան չաժանցաւ»:

Սապրա յայտարարեց, որ «Ազգային համաձայնական մարմինը Իրանի եւ Հըզպալլայի միլիսներու Սուրիա ներխուժման լոյսին տակ որեւէ միջազգային խորհրդաժողովի պիտի չմասնակցի»` նշելով, որ «սուրիացիներուն կեանքը որեւէ խորհրդաժողովէ եւ որեւէ քաղաքական լուծումէ աւելի կարեւոր է»:

Ան ըսաւ, որ «Հըզպալլայի Քուսէյր ներխուժման եւ անոր գործած ջարդերուն պատճառով 1500 քաղաքայիններ վիրաւորուած են»` նշելով, որ «սուրիական կառավարութիւնը Քուսէյրի բախումներուն ընթացքին քիմիական զէնքեր կ՛օգտագործէ»:

Մինչ այդ, Ազգային համաձայնական մարմինը Պոլսոյ մէջ գումարած իր ժողովին ընթացքին համամիտ գտնուեցաւ Միշել Քիլոյի խմբակը մարմինին մէջ ներառելուն:

Միւս կողմէ, Սուրիական ազատ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութիւնը պահանջեց մարմինին ներկայացուցիչներուն 50 առ հարիւրը իրեն վերապահել` նշելով, որ «համաձայնական մարմինին օրինականութիւնը» այդ քայլէն կախեալ է եւ սպառնալով «համաձայնական մարմինի օրինականութիւնը յետս կոչել», եթէ Սուրիոյ մէջ գտնուող ուժեր անոր մէջ չներկայացուին:

Թուրքիա Ժապհաթ Նուսրայի 12 Անդամներ
Կը
Ձերբակալէ Եւ Երկու Քիլոկրամ
«
Սարին» Կազ Կը Գրաւէ

Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը Ժապհաթ Նուսրայէն 12 անդամներ ձերբակալեց եւ երկու քիլոկրամ «Սարին» թունաւոր կազ գրաւեց:

Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ապահովական գործողութիւնը տեղի ունեցած է Ատանա քաղաքին մէջ` նշելով, որ ապահովական մարմինները նաեւ գրաւած են ձերբակալեալներուն մօտ գտնուող փաստաթուղթեր, թուայնացած տեղեկութիւններ եւ զինամթերք:

 

Share this Article
CATEGORIES