Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան շրջան ըրին տեղեկութիւններ, թէ Ժապհաթ Նուսրա ցրուած է թռուցիկ մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Ժապհաթ Նուսրա Հարաւային արուարձաններու եւ Պեքաայի դէմ իր ահաբեկչական գործողութիւններուն պիտի սկսի երեք օր ետք: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը աւելի ուշ հերքեց այդ տեղեկութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը բացայայտած եւ ձերբակալած է լիբանանեան-սուրիական ահաբեկչական վտանգաւոր ցանց մը, որուն անդամները քստմնելի ոճիրներ գործած են Լիբանանի մէջ, նուազ քան ինը տարեկան աղջնակներ բռնաբարած, շէյխերու սպանութիւնը ծրագրաւորած եւ այլ յանցանքներ գործած:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ «Սալամ» հիւանդանոցին մօտակայ հրապարակին վրայ գտնուեցաւ սեւ պայուսակ մը. բանակի սակրաւորներուն կողմէ ստուգուելէ ետք ի յայտ եկաւ, որ պայուսակը ռումբեր չի պարունակեր, այլ` շնորհաւորական բացիկներ:

ԶՂԱՐԹԱՅԻ աղբանոցներէն մէկուն մէջ երէկ յետմիջօրէին գտնուեցաւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետ մը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խզեց Լիբանանի օդային սահմանները` հարաւային Լիբանանի, Մերժահիունի, Հասպայայի եւ Ժեզզինի վերեւ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործելով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ իրենք ուրբաթ օրուան խորհրդարանի լիագումար նիստին պիտի չմասնակցին եւ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը պիտի վիճարկեն:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, սուրիական ընդդիմութիւնը յայտնած է, որ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի կեդրոնները պիտի հարուածէ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լեհաստան, կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը, նախքան խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին վաւերացումը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, տարբեր քաղաքացիութիւններ կրող սալաֆական խմբաւորումներ Արսալի մէջ բանակին դէմ յարձակում մը գործած են:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումով պիտի երկարաձգուի նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հրամանատարութեան շրջանը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ծոցի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ կիրակի օր պիտի քննարկեն Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին վրայ ներառելու կարելիութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին Հըզպալլայի կեցուածքը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ տագնապին հետ` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին իրենց առաջնահերթութիւնները տարբեր են:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ կարգ մը զինեալներ շատ աւելի հզօր դարձած են, քան այն քաղաքական անձնաւորութիւնները, որոնք կը զօրակցին անոնց:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հընէյն յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ապօրինի է եւ հակասահմանադրական` աւելցնելով, որ Սահմանադրական խորհուրդը պէտք է ընդունի երկարաձգումը վիճարկելու դիմումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ընտրած են` պահպանելու համար երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները եւ երաշխաւորելու համար օրինական իշխանափոխութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ իրենք խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին համաձայն գտնուած են այն յոյսով, որ կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրինագիծի մը յանգիլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES