Ուահապ. «Հարաւային Արուարձանները Թիրախ Դարձնող Հրթիռները Իրենց Նպատակին Պիտի Չհասնին»
Հարեթ Հրէյքի քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսին ընթացքին Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն վերջ տալու իրենց անպատասխանատու կեցուածքին ու անտարբերութեան եւ բանակը հարուածող բոլոր փորձերուն վերջ տալու:
Ուահապ շեշտեց, որ պէտք չէ բանակին վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի ան կարենայ պաշտպանել Լիբանանն ու լիբանանեան միասնականութիւնը:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի պիտի ըլլայ լուծել Սուրիոյ յաղթանակով` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ յաղթել դիմադրութեան ուղեգիծին:
Ուահապ անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած հրթիռներուն` շեշտելով, որ այդ հրթիռները իրենց նպատակին պիտի չհասնին:
CATEGORIES Լիբանանեան

