Ժոմպլաթ Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

Զօր. Քահուաժի եւ Ժոմպլաթ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որ ցաւակցութիւն յայտնեց բանակին երեք զինուորներուն նահատակութեան համար:

Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ գործուած յարձակումը` ընդգծելով բանակին նեցուկ կանգնելու եւ անոր զօրակցելու իր պատրաստակամութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկրին ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES