Մըր Այցելեց Վարչապետ Սալամի
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Միշել Մըրը, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանը երկարաձգելու հարցը, ինչպէս նաեւ այն պայմանները, որոնք Լիբանանը կրնային անիշխանութեան մատնել, եթէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով որոշում մը չտրուէր:
Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին:
Մըր հաստատեց, որ անկարելի է առանց կառավարութեան երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել` սկսելով հիւսիսէն հասնելով մինչեւ հարաւային Լիբանան:
Մըր շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ կրնայ Թրիփոլիի, Սայտայի եւ Արսալի ու այլ շրջաններու ապահովական հարցերը լուծել:
CATEGORIES Լիբանանեան


