Յաջորդ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցին 705 Թեկնածուներ
Ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 705 թեկնածուներ պիտի մասնակցին 16 յունիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Ներքին գործոց նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, առաջադրուած թեկնածութիւններէն երեքը մերժուած են` անհրաժեշտ պայմանները չլրացնելու պատճառով: Երեք թեկնածութիւնները մերժելէ ետք, թեկնածուներուն վերջնական թիւը եղած է 705:
CATEGORIES Լիբանանեան

