Խորհրդարանի Նախագահը Մախզումիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ ամէն ջանք ի գործ դնել` պահպանելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ Լիբանանէն հեռացնելու համար համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններուն ուրուականը:

Մախզումի նշեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի, թէ՛ Մարտ 8-ի եւ թէ՛ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պէտք է ջանան ընտրական նոր օրէնք մը մշակել:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Արաբ երկրագործական ճարտարապետներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES