Միքաթի – Զօր. Քահուաժի Հանդիպում

Զօր. Քահուաժի եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց Թրիփոլիի մէջ բանակին կողմէ որդեգրուած քայլերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնը:

Միքաթի կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բոլոր բնակիչներուն օժանդակելու եւ զօրակցելու բանակին, որպէսզի ան կարենայ պահպանել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

«Ոմանց կողմէ բանակը ներքին հարցերու եւ բախումներու միջամուխ դարձնելու քայլը պիտի չխոչընդոտէ Թրիփոլիի մէջ բանակին գործադրելիք ապահովական ծրագիրին իրականացումը», ըսաւ ան:

Միքաթի բարձր գնահատեց բանակին զոհողութիւնները եւ անոր կորովը, որոնց շնորհիւ բանակը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ` լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ ամրապնդելով երկրին ապահովական կայունութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES