Մարուան Շարպել Եւ Ապպաս Իպրահիմ Ուղղուեցան Թուրքիա
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ մեկնեցան Թուրքիա` Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը հետապնդելու հարցով:
Կը նախատեսուէր, որ Շարպել եւ Իպրահիմ հանդիպումներ ունենային առեւանգող կողմերուն հետ եւ անոնց ներկայացնէին սուրիական բանտերուն մէջ գտնուող իգական սեռի պատկանող 80 բանտարկեալներու անուանացանկը:
Նշենք, որ սուրիական իշխանութիւնները խոստացած էին այդ ցանկին վրայ գտնուող 80 արգելափակեալները ազատ արձակել, որպէսզի փոխադարձաբար կարելի ըլլայ ազատ արձակել Ազեզի մէջ առեւանգուած ինը լիբանանցիները:
CATEGORIES Լիբանանեան

